image

Նաթանիահու պիտի վերընտրուի՞. Գլխաւոր հարցում մը

Նաթանիահու պիտի վերընտրուի՞. Գլխաւոր հարցում մը

Իսրայէլի Քնեսեթը ինքնալուծարուեցաւ. ընտրութիւնները՝ Հոկտեմբեր 27-ին

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Իսրայէլի Քնեսեթը Յուլիս 17-ի վաղ առաւօտեան քուէարկեց իր ինքնալուծարման օգտին՝ ճանապարհ բանալով Հոկտեմբեր 27-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Ինքնալուծարման առաջարկը, որ կցուած էր կուսակցութիւններու ֆինանսաւորման մասին օրէնքի նախագիծին, ընդունուեցաւ 62 կողմ ձայնով՝ 120 անդամներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ։ Առաջարկին կողմ քուէարկեց նաեւ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու։

Այս որոշումէն ետք Քնեսեթը արձակուրդի կը մեկնի մինչեւ նոր ընտրութիւններէն ետք կազմուելիք խորհրդարանին երդման արարողութիւնը։ Այդ ժամանակահատուածին խորհրդարանական յանձնախումբերը կրնան նիստեր գումարել միայն յատուկ համաձայնութեամբ, իսկ կառավարութիւնը կամ առնուազն 25 պատգամաւոր կրնան պահանջել լիագումար նիստի գումարում։

Յառաջիկայ ընտրութիւններուն վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու կը ձգտի ապահովել իր պաշտօնավարութեան նոր ժամկէտ մը՝ հակառակ վերջին շրջանին իր ժողովրդականութեան արձանագրուած նուազման։

Այսպիսով Իսրայէլի Քնեսեթի ինքնալուծարումը պարզ վարչական կամ սահմանադրական քայլ մը չէ։ Անիկա քաղաքական ուղերձ մըն է, որ կը վկայէ՝ երկիրը կը մտնէ նոր ու վճռորոշ հանգրուան մը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ներքին ճգնաժամերն ու տարածաշրջանային զարգացումները իրարու հետ սերտօրէն կապուած են։

Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի աջակցութիւնը այս որոշման կը բացատրէ անոր քաղաքական հաշուարկը։ Ան վստահաբար կը կարծէ, թէ նոր ընտրութիւնները կրնան իրեն տալ նոր մանդատ մը եւ վերականգնել իր քաղաքական ուժը։ Սակայն այս հաշուարկը իր մէջ կը պարունակէ զգալի վտանգներ։ Կազայի պատերազմը, անվտանգային լարուածութիւնը, տնտեսական դժուարութիւններն ու հասարակութեան խորացող բաժանումը զգալիօրէն մաշեցուցած են կառավարութեան նկատմամբ վստահութիւնը։

Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը կը փորձէ այս ընտրութիւնները վերածել Նաթանիահուի ղեկավարութեան նկատմամբ վստահութեան կամ անվստահութեան քուէի։ Սակայն մինչեւ այսօր ալ անոր գլխաւոր խնդիրը կը մնայ մէկ դրօշի տակ համախմբուիլը եւ հանրութեան ներկայացնել յստակ ու համոզիչ այլընտրանք մը։ Առանց այդ միասնականութեան, նոյնիսկ ժողովրդականութեան անկման պայմաններուն մէջ, «Լիքուտ»-ը կրնայ դարձեալ պահպանել իր առաջատար դիրքը։

Այս ընտրութիւններուն նշանակութիւնը, սակայն, շատ աւելի լայն է, քան Իսրայէլի ներքաղաքական դաշտը։ Նոր կառավարութեան կազմը պիտի անդրադառնայ Կազայի պատերազմի ընթացքին, Իրանի նկատմամբ որդեգրուելիք քաղաքականութեան, Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին հետ ապագայ փոխյարաբերութիւններուն վրայ։ Այլ խօսքով՝ Իսրայէլի ընտրողը այս անգամ պիտի որոշէ ոչ միայն իր երկրի կառավարութիւնը, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի քաղաքական ընթացքին կարեւոր բաժին մը։

Հոկտեմբեր 27-ի ընտրութիւնները, հետեւաբար, սովորական ընտրութիւններ չեն։ Անոնք պիտի պատասխանեն մէկ հիմնական հարցումի՝ արդեօ՞ք Նաթանիահու պիտի ստանայ նոր վստահութեան քուէ եւ շարունակէ իր քաղաքական ուղին, թէ՞ Իսրայէլը պիտի թեւակոխէ նոր քաղաքական էջ մը՝ նոր դէմքերով եւ նոր առաջնահերթութիւններով։ Այդ պատասխանին ազդեցութիւնը պիտի զգացուի ոչ միայն Թէլ Աւիւի եւ Երուսաղէմի, այլ ամբողջ շրջանի քաղաքական հաւասարակշռութեան վրայ։