Կեանքը երբեմն մեզ կը դնէ շատ պարզ առարկաներու դիմաց, բայց այդ պարզութեան մէջ կը բանայ խոր մտածումներու դուռ մը։ Հեռատեսիլի փոքրիկ հեռակառավարիչ մը կրնայ յանկարծ դառնալ խորհրդածութեան առիթ՝ յիշեցնելով, որ մարդը շատ բան կրնայ փոխել իր շուրջը, բայց չի կրնար իր ձեռքով կառավարել ժամանակը, անցեալը, ցաւը, ուրախութիւնը կամ վաղուան անորոշութիւնը։
Այս բոլորին մասին ուշագրաւ գրառում մը կատարած է՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանը, անդրադառնալով կեանքի, յիշողութեան, ցաւի, ուրախութեան եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան խորհուրդին։
Ստորեւ՝ Սրբազան Հօր Գրառումը՝
Անցեալ գիշեր, երկար օրուան մը աւարտին, նստած էի բազմոցին վրայ՝ հեռատեսիլի հեռակառավարիչը ձեռքիս։
Քանի մը վայրկեան ըրի այն, ինչ մեզմէ շատեր կ՚ընեն գրեթէ անգիտակցաբար։ Մէկ կայան, ապա ուրիշ մը, յետոյ՝ երրորդ մը։ Ոչ մէկը հետաքրքրական կը թուէր։ Իրականութեան մէջ, կը կարծեմ, տարբեր յայտագիր մը չէի փնտռեր։ Կը փնտռէի բան մը, որ ինքս ալ չէի կրնար բացատրել։
Երբ կը նայէի այդ փոքրիկ հեռակառավարիչին, ժպտացի։ Ի՜նչ զարմանալի գիւտ։ Կոճակի մը հպումով կրնամ կայանը փոխել, ձայնը իջեցնել, պատկերը կանգնեցնել կամ պարզապէս հեռատեսիլը անջատել։
Այդ պահուն միտք մը անցաւ գլխէս։ Քանի՜ անգամ փափաքած եմ, որ կեանքն ալ ունենար հեռակառավարիչ մը։ Հրաշալի պիտի չըլլա՞ր։ Կարենալ ետ դառնալ՝ անգամ մը եւս լսելու համար մեր սիրելիներուն ձայնը։ Կանգնեցնել ամենաերջանիկ պահերը՝ նախքան անոնց անցնիլը։ Լռեցնել այն խօսքերը, որոնք վիրաւորած են մեզ։ Արագ անցնիլ տառապանքի ժամանակներէն։ Կամ պարզապէս անջատել այն մտահոգութիւնները, որոնք յաճախ կը խլեն մեր քունը։
Բայց կեանքը հեռակառավարիչ չունի։ Երէկը կարելի չէ կրկին ապրիլ։ Վաղը կարելի չէ արագացնել։ Իսկ այսօրն ալ կարելի չէ դադարեցնել։
Թերեւս այս է Աստուծոյ նուրբ ձեւը՝ մեզի յիշեցնելու, որ կեանքը երբեք ստեղծուած չէ վերահսկուելու համար։ Ան ստեղծուած է ապրուելու համար։ Օր մը՝ օրուան չափով։ Պահ մը՝ պահու չափով։ Վստահելով Անոր, որ արդէն կը ճանչնայ եւ կը պահէ մեր բոլոր վաղերը։
Այդ գիշեր, հեռակառավարիչը կրկին դրի սեղանին վրայ։ Եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի Աստուծոյ։ Ոչ թէ որովհետեւ կրնամ վերահսկել կեանքս, այլ որովհետեւ կը ճանչնամ Ան, որ զայն սիրով կը պահէ Իր ձեռքերուն մէջ։