image

«Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական հիմնարկը իր տարեշրջանը փակեց երկու շրջանաւարտներով

«Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական հիմնարկը իր տարեշրջանը փակեց երկու շրջանաւարտներով

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը, օրերս, նշած է իր ամավերջի հանդէսն ու շրջանաւարտներու վկայագիրներու բաշխման հանդիսութիւնը։ 

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։ 

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկի ուսուցչական կազմին, ներկայ եւ առցանց հետեւող ուսանողներու, ծնողներու եւ հարազատներու, Յունիս 29ին, «Խորէն Ա. Կեդրոն»ի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան սրահէն ներս հիմնարկը իր ամավերջի հանդէսն ու շրջանաւարտներու վկայագիրներու բաշխումը իրականացուց:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան: Ան անդրադարձաւ Հիմնարկի առաքելութեան, այս տարեշրջանի ձեռքբերումներուն եւ տեսլականներուն: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառին, որ իր հայրապետական հովանաւորութիւնը շնորհելու կողքին՝ իր խրախուսանքն ու աջակցութիւնը տեւաբար կը յայտնէ հիմնարկին: Շխրտըմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն աջակից ուսուցչական կազմին, որուն նուիրուածութեամբ հիմնարկը իր առաքելութիւնը ապահովաբար յառաջ կը տանի: Աւարտին, ան խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, որոնք այս օճախին եռամեայ կրթութիւնը ստանալէ ետք, իրենց առածը պիտի ըծայաբերեն իրենց շրջապատին եւ մեր ազգին:

Ապա, շրջանաւարտ դասարանին անունով ուղերձ կարդաց Հելէն Յակոբեան Թօփէեան: Ան արտայայտուեցաւ այն մեծ ներդրումին մասին, զոր հայագիտականը ունեցած է իր կեանքին մէջ, երախտապարտութիւն յայտնեց հայրապետին, հիմնարկի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին:

Հուսկ, Արամ Ա. վեհափառին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխումը։

Հիմնարկը այս տարի ունեցաւ երկու շրջանաւարտ՝ Նորա Մարտոյեան Պուտաքեան եւ Հելէն Յակոբեան Թօփէեան:

Աւարտին, ներկաներուն օրհնութեան խօսք ուղղեց վեհափառը, որ գնահատեց հիմնարկի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը՝ իրենց տարած ազգանուէր եւ ժրաջան աշխատանքին համար: Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հայ Սփիւռքին մէջ սոյն հիմնարկին կարեւորութիւնը եւ բարձրացուց հայոց լեզուի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հրամայականը, նշելով. «Հայերէնը այն չէ, ինչ որ էր անցեալին. ան սկսած է աղարտիլ ու աղաւաղիլ: Հայերէնը պահելու ենք մաքուր եւ անաղարտ՝ իր քերականութեամբ, ուղղագրութեամբ եւ լեզուամտածողութեամբ»: Իր խօսքին վերջաւորութեան, հայրապետը շրջանաւարտներուն յայտնեց իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնը:

Ամավերջի հանդէսը աւարտեցաւ հայրապետին արտասանած «Պահպանիչ»ով: