«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող «Առինջ մոլ»ի աշխատակիցները բողոքի ցոյց կատարած են առեւտուրի կեդրոնին մօտ։ Ոստիկանները կը վերահսկեն ցոյցը՝ թոյլ չտալով փակել ճանապարհի երթեւեկելի հատուածը։
Յուլիս 20-ին «Առինջ մոլ» առեւտուրի կեդրոնին մէջ քննչական գործողութիւններ կատարուած էին, եւ որոշ տաղաւարի գործունէութիւն կասեցուած էր։
Մոլի աշխատակիցները նշած են, որ իրենց որեւէ հիմնաւորում չէ ներկայացուած, թէ ինչու կապարակնքած են իրենց տաղաւարները։
«Առանց հիմնաւորման, առանց ծանուցման մեր խանութները փակուել է։ Ես Քննչականում հարցրել եմ՝ ինչի երկուշաբթի, իրենք ասել են, որ դա դիտաւորեալ է արուել, որ մարդ չլինի՝ չխանգարեն իրենց գործողութիւններին»,- լրագրողներուն ըսած է տաղաւաներէն մէկու վարձակալը։
Ցոյցի մասնակիցները նշած են, որ հնարաւորութիւն չէ տրուած խանութներէն վերցնելու իրենց ապրանքները։ Քննչական մարմինէն անոնց յայտնած են, որ առեւտուրի կեդրոնը պիտի չբացուի եւ հնարաւորութիւն պիտի տրուի խանութներէն հանելու վաճառքի իրերը։
«Մենք այդ ապրանքները տանելու տեղ չունենք։ Այսօր ոչ տնօրինութիւնն է մեզ յստակ պատասխան տալիս, ոչ էլ քննչականը»,- նշած է տաղաւաներէն մէկու վարձակալը։