Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն մանրամասնութիւններ յայտնած է յուլիս 23-ին Ֆիլիփիններու մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպման մասին։
«Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու միաւորման նախարարական հանդիպման շրջածիրէն ներս այսօր հանդիպեցայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին։ Քննարկեցինք Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա յարաբերութիւնները եւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը»,– X-ի իր էջին վրայ գրած է Ռուպիոն։
Ռուսական լրատուամիջոցները աւելի վաղ հաղորդած էին, որ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ ուսումնասիրել Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը դադրեցնելու ուղի գտնելու հնարաւորութիւնները։ Ռուպիոն այս յայտարարութիւնը ըրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումէն եւ Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու միաւորման գագաթնաժողովին մասնակցելէ ետք։
The Guardian-ի հաղորդմամբ՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը ռուս-ուքրանական պատերազմը բնութագրած է որպէս «շատ արիւնալի պատերազմ»՝ նշելով, որ թէ՛ ռուսական, թէ՛ ուքրանական կողմերը շատ ծանր գին կը վճարեն ատոր դիմաց։
«Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ պէտք է շահագրգռուած ըլլան պատերազմը աւարտելու հարցով»,– ըսած է Ռուպիոն։
Ան շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները փորձած է եւ պիտի շարունակէ փորձել հասկնալ, թէ արդեօք կարելի՞ է գտնել այնպիսի ճանապարհ, որ յանգեցնէ պատերազմի աւարտին։
«Մենք պատրաստ ենք ստանձնելու այդ դերը, եթէ նման կարելիութիւն ստեղծուի։ Մենք այսօր այդ մէկը արտայայտեցինք եւ անցեալին եւս այդ մասին խօսած էինք»,– ըսած է ան։
Ռուպիոն նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը աւարտելու շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլան «նոր գաղափարներ», որովհետեւ մինչ այժմ ներկայացուած առաջարկները «այն ժամանակ ընդունելի չէին Ուքրանիոյ համար, եւ կը կարծեմ, որ այժմ ալ ընդունելի պիտի չըլլային, թերեւս նոյնիսկ աւելի քիչ ընդունելի»։
«Եթէ խաղաղութիւն հաստատուի, ապա այդ պիտի իրականանայ նոր գաղափարի եւ նոր մօտեցումներու շնորհիւ։ Մենք պատրաստ ենք նման գաղափարներ առաջարկելու համապատասխան պայմաններու եւ ձեւաչափի մէջ, եթէ նման կարելիութիւն ստեղծուի եւ պայմանները յարմար ըլլան։ Մենք պատրաստ ենք դրական դեր խաղալու»,– ըսած է ան։
Ռուպիոն ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները կ’ուզէ, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը աւարտի։
«Մենք պատրաստ ենք ունենալու որեւէ դրական դերակատարութիւն, որ կրնայ օգնել պատերազմի աւարտին։ Սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է մէկ բան, որուն շուրջ կրնան համաձայնութեան գալ թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Ուքրանիան։ Այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ մամուլի ասուլիսի ընթացքին, ոչ ալ Ֆիլիփիններու մէջ կայացած մէկ հանդիպման արդիւնքով։ Ատոր համար մեծ աշխատանք կը պահանջուի։
Մենք նախապէս ալ ջանքեր ներդրած ենք այդ ուղղութեամբ։ Ատոնք յաջողութիւն չունեցան, առնուազն՝ այն ժամանակ արդիւնք չտուին։ Եթէ պայմաններն ու գործօնները փոխուած են այդ մէկը կարելի դարձնելու համար, ապա մենք պատրաստ ենք առաջ շարժելու»,– ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը հաւատարիմ կը մնայ այդ նպատակին, եւ եթէ Ուաշինկթըն տեսնէ իրավիճակի վրայ ազդելու հնարաւորութիւն, պիտի փորձէ օգտուիլ անկէ։
«Ի վերջոյ, նախագահին ամենաշատը կը հետաքրքրէ այն , որ մարդիկ դադրին մահանալ, մարդիկ այլեւս չզոհուին, Ուքրանիան կարենայ խաղաղութեան մէջ ապրիլ, ուքրանացիները կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը եւ վերականգնել զայն։ Ինչպէս նաեւ, որ երիտասարդ ռուսերը այլեւս չզոհուին մարտադաշտին վրայ՝ շաբաթական շուրջ հինգ հազար հոգիի չափով։
Ան կը կարծէ, որ ասիկա անիմաստ պատերազմ է։ Եթէ մենք կրենանք դեր ունենալ անոր աւարտին հասնելու գործին մէջ, ապա պիտի օգտագործենք Միացեալ Նահանգներու ուժն ու ազդեցութիւնը՝ այդ նպատակը իրագործելու համար։ Մենք պատրաստ ենք այդ ընելու, եթէ նման կարելիութիւն ստեղծուի։ Յոյս ունիմ, որ այդպիսի հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ։ Ահա՛ ասիկա է այն պատգամը, որ հետեւողականօրէն փոխանցած ենք երկու կողմերուն»,– յայտարարած է Ռուպիոն։