Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ շուրջ մէկ տարի տեւած վերանորոգութիւնը հասած է աւարտական փուլին։ Եկեղեցին պիտի վերաբացուի իր աւանդական մատաղօրհնութեան օրերուն զուգադիպող շրջանին՝ եկեղեցին պիտի վերաօծուի օգոստոս 7-ին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Պատրիարքարանի վերանորոգութիւններու պատասխանատու Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինգայա, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան այցելեցին Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցի, որու վերանորոգութիւնը հասած է վերջնական հանգրուանին։
Խորհրդակցական ժողով մը կայացաւ եկեղեցւոյ պատասխանատուներու հետ։ Որոշուեցաւ որ եկեղեցին վերաբացուի իր աւանդական մատաղօրհնութեան օրերուն զուգադիպող շրջանին։ Ըստ այդմ, յառաջիկայ 7 Օգոստոս Ուրբաթ պիտի կատարուի վերաօծումը, իսկ 9 Օգոստոս Կիրակի, Ս. Պատարագով եկեղեցին պաշտօնապէս պիտի վերաբացուի հաւատացեալներուն։
Եկեղեցւոյ նորոգութիւնը սկսած էր շուրջ տարի մը առաջ։ Ծրագիրը կը գործադրուի շինարար ճարտարագէտ Էրօլ Եիւմլիւի «Եիւմլիւ կրուփ» ընկերութեան կողմէ, որ մասնագիտացած է պատմական յուշարձաններ վերականգնելու բնագաւառին մէջ։
Յիշեցնենք որ նոյն ընկերութիւնը վերջին տարիներուն իրականացուցած է կարեւոր նորոգութիւններ, որոնց կարգին Պալըքլըի Յունաց հիւանդանոցի հիմնարկին պատկանող ծերանոցի շէնքը եւ Չենկէլքէօյի յունաց եկեղեցին։
