image
Հրատապ լուրեր:

Միրզոյեանն ու Ռուպիոն քննարկած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերու հարցը

Միրզոյեանն ու Ռուպիոն քննարկած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերու հարցը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը յունուար 13-ին Ուաշինկթընի մէջ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ քննարկած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայերու հարցը։ Այս մասին Արարատ Միրզոյեանը յայտնած է յունուար 14-ին հեռահար ասուլիսի ժամանակ։ Քննարկուած է նաեւ այս հարցով ԱՄՆ որոշակի միջնորդութեան եւ աջակցութեան հնարաւոր քայլերը։

«‎Մենք քննարկել ենք եւ երկկողմ, եւ TRIPP-ից բխող համագործակցութեան հեռանկարները։ Քննարկել ենք նաեւ այն հնարաւոր խոչնդոտները, որոնք այս պահին մի փոքր չեն համապատասխանում ձեւաւորուող խաղաղութեան տենդենցներին։ Ադրբեջանում պահուող անձանց հարցն այդ հարցերից մէկն է», –ըսած է Միրզոյեանը։