image

Ծիծաղելի է պնդել, որ Ատրպէյճանը կը սպառնայ ուժ կիրառել Հայաստանի նկատմամբ․ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Ծիծաղելի է պնդել, որ Ատրպէյճանը կը սպառնայ ուժ կիրառել Հայաստանի նկատմամբ․ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Անդրադառնալով 2023 թուականի մայիս 28-ին «Լաչինի շրջանին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ պարոն Իլհամ Ալիեւի արտայայտած կարծիքներուն եւ կոչերուն՝ մենք կտրականապէս կը մերժենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ այլ անհիմն կողմնակալ յայտարարութիւն»։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ անրդառնալով ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան երէկուան յայտարարութեան՝ Իլհամ Ալիեւի սպառնալիքներու վերաբերեալ։

Ատրպէյճանական կողմը Ալիեւի յայտարարութիւնները ներկայացուցած է որպէս «տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան յարգման անհրաժեշտութեան, Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտութեան անթոյլատրելիութեան եւ քայլերու վճռական զսպմանն ուղղուած կոչեր»։

«Տարածաշրջանին մէջ անջատողականութեան խթանումը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դասեր չի քաղեր պատմութենէն»,- նշած է Պաքուն։

«Ծիծաղելի է պնդել, որ Ատրպէյճանը կը սպառնայ ուժ կիրառել Հայաստանի նկատմամբ, որ յարձակում իրականացուցած է Ատրպէյճանի դէմ՝ հակադրուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային իրաւունքին ու սկզբունքներուն, որ չէ դադրեցուցած բռնագրաւումը՝ անտեսելով ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի 4 բանաձեւերը»,- ըսուած է Պաքուի յայտարարութեան մէջ։

Պաքուն Երեւանի հասցէին նաեւ մեղադրանք հնչեցուցած է՝ նշելով, թէ «երկրի մը համար, որ արտաքսած է ողջ ատրպէյճանական բնակչութիւնը ոչ միայն բռնագրաւուած ատրպէյճանական տարածքներէն, այլեւ Հայաստանէն, բացարձակապէս անհիմն է պնդել, թէ Ատրպէյճանը իբր մտադիր է «էթնիք զտումներ» իրականացնել Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ բնակող հայերու նկատմամբ»։

«Ատրպէյճանը մտադիր է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը տեղի հայ բնակիչներու վերահամարկման ուղղութեամբ»,- աւելցուցած է Պաքուն։

«Այսպիսով, լաւ կ'ըլլայ, որ հայկական կողմը, խաղաղարար ջանքերը խոչընդոտելու, կեղծ ու սուտ յայտարարութիւններ ընելու փոխարէն, խօսքով ու գործով ընդունի մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը»,- յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Ալիեւ Լաչինի մէջ յայտարարած էր, թէ «խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային պայմաններու վրայ, պէտք է բացուի Նախիջեւան տանող ճանապարհը, եւ հայկական զօրքը պէտք է դուրս գայ Արցախէն»։

«Ասոնք են մեր պայմանները, եւ այդ պայմաններու մասին ես կը յայտարարեմ այստեղ ՝ Լաչին քաղաքի մէջ։ Թող չմոռնան, որ այստեղէն նաեւ կ'երեւան Հայաստանի գիւղերը»,- սպառնացած էր Ատրպէյճանի նախագահը։