Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանիի նիստի ժամանակ իրարանցում սկսած է, երբ «Երկիր ծիրանի» խմբակցութեան անդամները դիմակներ հագնելով ապակեայ տուփեր բացած են ՝ գարշահոտութիւն տարածելով դահլիճէն ներս: Անոնք կը պարզաբանէին, որ այդպիսի գարշահոտութիւն կը շնչեն ամէն օր «Նուպարաշէն» 4 շէնքի բնակիչները, քանի որ բնտի կոյողատարը վնասուած է եւ որեւէ կերպ քաղաքապետարանը այդ հարցը լուծել չի փորձեր: «Երկիր ծիրանի» աւագանու անդամներուն եւ Հանրապետական խմբակցութեան անդամներուն միջեւ ծեծկռտուք սկսած է:
Գոռ Վարդանեանը և ՀՀԿ խմբակցութեան աւագանիի եւս մի քանի անդամներ յարձակեցան Մարինա Խաչատրեանի եւ Սոնա Աղէկեանի վրայ եւ վիրաւորանքներ ու հարուածներ հասցուցին իրար: Քաշքշուքին խառնուեցան «Ելք»ի անդամները, այնուհետեւ ոստիկանութիւն կանչեցին: ՀՀԿ-ականները յայտարարեցին, որ ապակեայ շիշերուն մէջ ծծումբի թթու է, որ վնասակար է առողջութեան համար։
Նիստը ընդմիջուեցաւ եւ լրագրողները դուրս տարուեցան: Որոշ ժամանակ անց քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաւէրով աւագանին դարձեալ վերադարձաւ իր աշխատանքներուն: