Սուրիոյ մէջ ընթացք առաւ նոր ժամանակ մը։ Տակաւին վաղ է ըսել, թէ ի՞նչ տեսակի Սուրիա մը պիտի գոյաւորուի, բայց եւ այնպէս, բոլոր մակարդակի վարկածները ցոյց կու տան, որ վերջին օրերու դէպքերը ունէին ծրագրուած բնոյթ։
Շրջանային դերակատարներ, որոնք որոշակի առումով իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են Սուրիոյ պատերազմի տարբեր փուլերուն, պարզապէս մասնակի դերակատարներն են պատահածներուն։ Անոնք, ի հարկէ, կրնան օգտուիլ այս իրադարձութիւններէն կամ նոյնիսկ իրենց շահերը յառաջ տանիլ, սակայն, կայ խորքային ընկալում մը, թէ Սուրիոյ պարագային պատահածները անմիջականօրէն կապուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յետընտրական արտաքին քաղաքականութեան հետ։
Ճիշդ է, որ ընտրեալ-նախագահ Թրամփ յայտարարած է, որ ԱՄՆ հեռու պիտի մնայ այդ իրադարձութիւններէն, բայց, ստեղծուած պատկերը ճիշդ հակառակն է։ Սա, անշուշտ, ժխտական շեշտեր չունի, որովհետեւ առանց այդ բոլորին ալ Սուրիան բաւական լուրջ տագնապերու մէջ էր՝ արդէն տարիներէ ի վեր։
Ծանօթ են այն հանգամանքները, որոնք պարզ թելերով մանեցին Սուրիոյ տագնապը, պատերազմն ու արիւնահոսութիւնը, սակայն, այսօր կարեւոր է ստեղծուած իրականութիւնը ճիշդ գնահատել՝ մանաւանդ սուրիահայութեան համար։ Ճիշդ գնահատական տալը ճանապարհ պիտի բանայ քաջ եւ անվրդով որոշումներու, որոնց առանցքի վերնագիրն է՝ երաշխաւորել սուրիահայութեան անվտանգութիւնը։ Մնացեալ դրոյթները, Սուրիոյ քաղաքական ճակատագիրը, արեւելումը կամ իշխանաոճը կը մնան Սուրիոյ ժողովուրդի ձեռքը։ Անոր փոքրիկ մէկ օղակն է նաեւ երկրի հայութիւնը՝ ազգային-եկեղեցական մարմիններով, կեդրոններով, միութիւններով ու մանաւանդ՝ դարաւոր ժառանգութեամբ։
Գալով անկեալ նախագահ Պեշար Էսատի անփառունակ վախճանին... Արդարեւ, 13 օր տեւած պայքարէ ետք, Սուրիոյ ընդդիմութիւնը հասաւ իր նպատակին։ Սուրիոյ այժմ արդէն նախկին նախագահ Էսատ շուրջ 25 տարի իշխանութեան գլուխ մնալէ վերջ շաբաթ գիշերուան ուշ ժամերուն հեռացաւ մայրաքաղաք Դամասկոսէն։ Իր մեկնած վայրին մասին երկար ժամանակ տուեալներ չհրապարակուեցան, սակայն, աւելի ուշ յայտարարուեցաւ ամենահաւանական վարկածը, թէ ան ընտանիքին հետ մեկնած է Մոսկուա, ուր ապաստան տրուած է անոնց։ Երկրորդական հարց է անոր ուր ապաստանած ըլլալը, բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ իր փախուստի ձեւով Էսատ ընտրեց անփառունակ վախճանի ձեւ մը իր քաղաքական ասպարէզին։ Ան մէկն էր, որ բոլորովին այլ ոլորտէ մը իշխանութեան գլուխ բերուած էր իր հօր՝ Հաֆըզ Էսատի մահէն ետք՝ 17 յուլիս 2020-ին։ Պեշար Էսատ չկարողացաւ ճիշդ կառավարել երկիրը ու այսօր իր իշխանութեան աւարտով Սուրիան՝ որպէս երկիր, կը մտնէ բոլորովին նոր փուլ մը։ Սուրիան ունի աշխարհագրական ազդեցիկ դիրք մը, բնական ներուժ, հարստութիւն եւ աշխոյժ տնտեսութիւն, սակայն, այսօր յայտնուած է բաւական թողլքուած վիճակի մը մէջ։ Պեշար Էսատ չկարողացաւ ճիշդ օգտագործել իր ունեցած բոլոր մակարդակի հնարաւորութիւնները։ Այդ սխալները յանգեցուցին ներքին տագնապի մը, որ նաեւ ուռճացաւ արտաքին մղումներով, որոնք քաղաքական տարբեր շահեր հետապնդող ուժերու միջամտութիւններով կը զուգորդուէին։
Բուն խնդիրը Էսատի առջեւ դրուած՝ արտաքին քաղաքականութիւնն ու արեւելումն էր, որոնք խորթ ու թշնամական կը համարուէին Արեւմուտքի ու յատկապէս Իսրայէլի կողմէ։ Իրանի հետ անոր սերտ կապերը, կապուածութիւնը եւ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ կախուածութիւնը զինք դարձուցին հաւաքական Արեւմուտքի ու յատկապէս՝ Իսրայէլի թիրախը։ Ի վերջոյ, Էսատ ազատ ճանապարհ կը շնորհէր «Հիզպուլլահ»ին ու Սուրիոյ ցամաքուղիներուն շնորհիւ «Հիզպուլլահ» կը շարունակէր զինուիլ ու հզօրանալ։ Ստեղծուած իրավիճակը, Էսատի վարչակարգին դերակատարութիւնը պատճառ դարձան, որ Սուրիան մտնէ արիւնալի եւ անասելի ողբերգութիւններով լեցուն ներքին պատերազմի մը փուլը, որ աւելի քան տասն տարի տեւած է։
Սուրիոյ պատերազմին մասին ցարդ գրուածներուն մէջէն կարմիր թելով մը երեւելի կը դառնայ, որ Էսատի վարչակարգը այդ պայքարին մէջ կարողացաւ տոկալ՝ շնորհիւ Ռուսաստանի միջամտութեան։ Պատերազմի ամենածանր փուլին, ճիշդ այն ժամանակ, երբ Էսատի վարչակարգը պիտի փլուզուէր եւ «Էլ Նուսրա» ճակատի զինեալները մօտեցած էին Դամասկոսի «Ալ Մուհաճիրին» պալատը, Էսատ հրապարակաւ խնդրեց Ռուսաստանի նեցուկը։ Նախագահ Փութին ընդառաջեց եւ ռուսական զօրքերը հասան Սուրիա։ Ընկալուած խաղը կտրուկ փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ եւ Սուրիոյ բանակը՝ միշտ ունենալով անվերապահ նեցուկը Ռուսաստանի ռազմաօդային ուժերուն, կարողացաւ երկիրը մաս առ մաս ազատագրել արմատական կրօնական խմբաւորումներու ձեռքէն։ Ճիշդ է, որ Իրանն ու յատկապէս՝ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ն ալ մաս կազմեցին Էսատը փրկելու այդ պատերազմին, սակայն, այդ բոլորը եղան ի գին Սուրիոյ թուլացման, տնտեսական եւ ընկերային մեծ փլուզումներու։ Այդ ուժերը ոչ թէ փրկեցին Սուրիան, այլ փրկեցին Էսատը, որ շարունակեց մնալ իշխանութեան վրայ մինչեւ 8 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտը։
Խօսելով վերջին օրերու իրադարձութիւններուն մասին՝ հարկ է, անշուշտ, նշել, որ Էսատի այս անկման մէջ կարեւոր դրոշմ ունեցան Ռուսաստանի՝ Ուքրայնայի ճակատին վրայ ունեցած մեծ կեդրոնացումը, Լիբանանի վրայ գործուած յարձակումներու հետեւանքով «Հիզպուլլահ»ի թուլացումը, Մերձաւոր Արեւելքէ ներս Իրանի դերակատարութեան թուլացումը, բայց, մանաւանդ՝ Պեշար Էսատի յամառութիւնը։ Վերջին երկու տարիներուն Էսատ քանիցս մերժեց Ռուսաստանի խորհուրդները, մերժեց Թուրքիոյ նախագահի առաջարկները ու անտեսեց այդ առումով Անգարայէն դէպի Դամասկոս երկարած ձեռքը։ Միւս կողմէ ալ ան ոչինչ փոխեց երկրին մէջ, բարելաւումներ չբերաւ, բարեկարգութիւններ չկատարեց ու անտեսեց Հալէպը, Հոմսն ու Համան՝ տխուր ու յետպատերազմեան իրենց առօրեային մէջ։ Էսատի կիզակէտն էր մայրաքաղաք Դամասկոսը, որ դարձաւ իր քաղաքական մեծ ծրագիրներուն վախճանման իսկական վայրը։
Դամասկոսի մէջ կեանքը եռուն էր ու այդպէսով Էսատ կը մտածէր, թէ ինչ ալ պատահի՝ իր դաշնակիցները կամ նոյնիսկ ոխերիմ հակառակորդները արտօնութիւն պիտի տան իրեն, որպէսզի տիրէ այդ «փոքրիկ Սուրիա»ին, անոր մէջ ներգրաւելով Լաթաքիան, Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանները եւ տակաւին կը մտածէր բաժնել՝ Թարթուսը, որ ռուսական կեդրոն հանդիսացած էր։ Բայց անգութ էր իրականութիւնը, գոյութիւն ունէր ընդհանրական ծրագիր մը եւ այսօր Սուրիոյ ընդդիմութիւնը, որուն մասին շատեր «ահաբեկչական խմբաւորումներ» անունը կը շարունակեն օգտագործել, 13 օրուան ընթացքին իր տիրապետութեան տակ կարողացաւ առնել Սուրիոյ մեծագոյն շրջանները։
Ի հարկէ տակաւին շատ վաղ է կանխատեսումներ կատարելու համար, թէ ինչպիսի՞ Սուրիա մը պիտի տեսնենք, ինչպէ՞ս պիտի ըլլան անոր սահմանները կամ որո՞նք պիտի ըլլայ անոր թիւ մէկ ղեկավարն ու իշխանութիւնները։ Բայց եւ այնպէս, յստակ է արդէն, որ Սուրիա կը մտնէ նոր փուլ մը՝ լեցուն անակնկալներով, դրական ու ժխտական պատկերներով ու մեծ հաշուով՝ մեծ փոփոխութիւններով։
Այս փուլը, անշուշտ, պատմական է. հիմնական խորագիրն է՝ առանց Էսատի Սուրիան։ Էսատը միայն իր անձով չի պայմանաւորուիր, այլ ան կը ներկայացնէ շուրջ յիսունվեց տարիներու քաղաքական ժամականաշրջան մը, որուն հիմնական խաղացողը Էսատ ընտանիքն էր, իսկ ենթագետնին էին Պաաս կուսակցութիւնն ու Սուրիոյ ալեւի համայնքը։ Այս վերջինը այսօր կը փորձէ ընդունիլ տեղի ունեցածը, յարմարիլ ու մասնակից դառնալ այս նոր փուլին, յետէսատեան Սուրիոյ։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս