Նեփալի վարչապետ Շարմա Օլին յայտարարած է, որ հրաժարականը տուած է երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակի ստեղծման եւ քաղաքական ճգնաժամի սահմանադրական կարգաւորման համար:
Նեփալի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զանգուածային բողոքի ցոյցերը վերածուած են խոշոր քաղաքական ճգնաժամի։ Ցուցարարները, որոնց մեծ մասը երիտասարդներ են, յայտնի որպէս «Gen Z», փողոց իջած են 4 սեպտեմբերին, կառավարութեան կողմէ 26 յայտնի ընկերային հարթակներու՝ Facebook, Instagram, WhatsApp, X (Twitter) եւ YouTube արգեալափակման որոշումէն յետոյ։
Ցոյցերը շուտով ընդլայնուած են՝ ներառելով նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի եւ ազատ արտայայտման պահանջներ։ Քաթմանտուի եւ այլ քաղաքներու մէջ բողոքները հետզհետէ աւելի բուռն բնոյթ ստացած են։
Ոստիկանութիւնը կիրառած է արցունքաբեր կազ, ջուրի շիթեր, ռետինէ եւ կենդանի փամփուշտներ։ Բռնաճնշումներուն հետեւանքով, ըստ վերջին պաշտօնական տուեալներուն, զոհուած է առնուազն 19 մարդ, իսկ հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուած։ Իրավիճակը սրուած է 8 սեպտեմբերին, երբ ցուցարարները փորձած են ներխուժել խորհրդարանի շէնք։
Միջազգային կազմակերպութիւններն ու մարդկային իրաւանց պաշտպանները խստօրէն դատապարտած են ոստիկանութեան գործողութիւնները։ Amnesty International-ն ու Human Rights Watch-ը պահանջած են անկախ եւ չէզոք հետաքննութիւն՝ զոհերու մահուան եւ բռնութիւններու հանգամանքները պարզելու համար։ «Կառավարութիւնը պարտաւոր է պատասխանատուութիւն կրել քաղաքացիներու մահերուն եւ բռնութիւններուն համար։ Մենք կը պահանջենք անյապաղ հետաքննութիւն եւ արդար դատավարութիւն»,- նշուած է Human Rights Watch-ի յայտարարութեան մէջ։
Բողոքի ալիքի ազդեցութեան տակ կառավարութիւնը որոշած է չեղեալ համարել ընկերային հարթակներու արգելքը, իսկ վարչապետ ԽՓ Շարմա Օլին (KP Sharma Oli) յայտարարած է իր հրաժարականի մասին։ Հրաժարական ներկայացուցած են նաեւ քանի մը նախարարներ։
Կառավարութեան ներկայացուցիչներուն խօսքով՝ յատուկ յանձնաժողով պիտի ստեղծուի բռնաճնշումներու հանգամանքները քննելու համար։ Նեփալի մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած․ քաղաքներուն մէջ դեռ կը շարունակուին բողոքի փոքր ցոյցեր, սակայն մեծամաշտապ բախումները ժամանակաւորապէս դադրած են։ Միջազգային հանրութիւնը կը հետեւի դէպքերու զարգացման եւ կոչ կ'ընէ բոլոր կողմերուն զերծ մնալու բռնութիւններէն։