Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւնները ձերբակալած են 45 անձ՝ Էմիրութիւններու տարածքի ուղղութեամբ արձակուած իրանական հրթիռներու որսման, այդ յարձակումներու հետեւանքով առաջացած աւերածութիւններու եւ հրդեհներու, ինչպէս նաեւ բնակչութեան մէջ տիրող խուճապին վերաբերող տեսանիւթեր տարածելու մեղադրանքով։
Ձերբակալուածներուն մէջ կան տեղացիներ, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի, Եգիպտոսի, Նեփալի, Փաքիստանի եւ Ֆիլիփիններու քաղաքացիներ։ ԱՄԷ-ի դատախազութիւնը զանոնք կը մեղադրէ թէ՛ իրական տեղեկութիւններու, թէ՛ արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած բովանդակութեան տարածման մէջ, որ կրնայ խուճապային տրամադրութիւններ յառաջացնել Էմիրութիւններուն մէջ եւ ապակայունացնել ներքին կացութիւնը։
ԱՄԷ-ի գլխաւոր դատախազ Համատ Սէյֆ ալ-Շամսին էմիրաթական WAM լրատուական գործակալութեան հաստատած է, որ այժմ կը շարունակուին տարբեր ազգութիւններու ձերբակալուած քաղաքացիներու հարցաքննութիւնները։ Անոր խօսքով՝ անոնց կը սպառնայ պատիժ՝ մինչեւ մէկ տարի ազատազրկում եւ 100 հազար տիրհամի չափով տուգանք։