image
Հրատապ լուրեր:

Պահրէյնը եւ Քուէյթը երկարաձգած են թռիչքներու արգելքն իրենց օդային տարածքով

Պահրէյնը եւ Քուէյթը երկարաձգած են թռիչքներու արգելքն իրենց օդային տարածքով

 

Պահրէյնն ու Քուէյթը անգամ մը եւս երկարաձգած են իրենց օդային տարածքի մէջ թռիչքներու արգելքը, որ ուժի մէջ է փետրուար 28-էն ի վեր։ Այս մասին յայտնած է Մերձաւոր Արեւելքի օդային երթեւեկութիւնը վերահսկող ծառայութիւնները։

«Պահրէյնն ու Քուէյթը կրկին երկարաձգած են երկինքի փակումը եւս 12 ժամով»,– ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը՝ նշելով, որ այսպիսով այդ երկիրներու երկինքը փակ կը մնայ արդէն 16-րդ օրը։

Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, որ Պահրէյնի մէջ կը կատարուին առանձին թռիչքներ՝ յատուկ արտօնութիւններով, Մանամայի օդակայանէն դէպի դրացի Սէուտական Արաբիա՝ ամէնէն կարճ օդային միջանցքով։

Պահրէյնի եւ Քուէյթի օդային տարածքները փակուած են Փետրուար 28-ին՝ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու սկսումէն ի վեր։