image

Ծանր սպանութիւն Հոլանտայի մէջ. Զոհերը Բարեգործականի նուիրեալ հայուհիներ են

 Ծանր սպանութիւն Հոլանտայի մէջ. Զոհերը Բարեգործականի  նուիրեալ հայուհիներ   են

 Ծանր սպանութիւն մը տեղի ունեցած է Հոլանտայի մէջ, որուն զոհ գացած են Հոլանտայի  ՀԲԸՄ-ի  անդամ երկու հայուհիներ։ 

 Այս  մասին «Արեւելք» իմացաւ   ՀԲԸՄ-ի Հոլանտայի մասնաճիւղի դիմատետրի էջէն։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ տիկիններ՝   Մարալ Տէր Մովսէսեան (որ Հոլանտայի  ՀԲԸՄ-ի  նախագահն էր)  եւ Ծնունդ Քարթանաքեան     երկար ժամանակէ ի վեր անդամ եղած են Բարեգործականին  ու  որպէս նուիրեալ անդամներ  միութեան   ընդմէջէն  ծառայած են տեղի համայնքին ու   Հայաստանին։ Այս ցնցիչ սպանութեան մասին այլ մանրամասնութիւններ ցարդ չեն  տրուիր, յայտարարուած է  միայն, որ սպանութիւնը եղած է  դանակահարութեան ճամբով։