image

Հոլանտայի մէջ. Երախտիքի եւ բարեկամութեան խորհրանիշ՝ խաչքարի տեղադրում եւ օրհնութիւն

Հոլանտայի մէջ.  Երախտիքի եւ բարեկամութեան խորհրանիշ՝ խաչքարի  տեղադրում եւ օրհնութիւն

Հոլանտայի Նիուվեխ քաղաքին մէջ   տեղադրուած է խաչքար եւ տեղի ունեցած է օրհնութեան կարգ։

Ասոր մասին «Արեւելք»ին տեղեկացուցին  Հայց.  Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գեր. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի  գրասենակէն։

 Ստորեւ մեզի  հասած  հաղորդագրութիւնը

 

 Հոլանտայի Նիուվեխ քաղաքի Սբ. Նիկողայոս եկեղեցւոյ բակին մէջ, Հոկտեմբեր 19-ին, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գեր. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ձեռամբ կատարուեցաւ խաչքարի օրհնութեան եւ օծման կարգ։ Արարողութեան մասնակցեցան Ամսդերտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Տարօն քահանայ Թադէոսեանը եւ Մաստրիխտի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Աստուածատուր քահանայ Սարգսեանը։

Խաչքար-յուշարձանի հեղինակը խաչքարագործ-նկարիչ Արտակ Համբարձումեանն է․ յուշակոթողը կառուցուած է բարերար Արմէն Աւանեսովի աջակցութեամբ։ Այն նուիրուած է հոլանտացի բարեկամ ժողովուրդին՝ ի նշան հայ համայնքի բարեկամութեան եւ երախտագիտութեան։

Օրհնութեան արարողութեան ներկայ էին ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթոր Պիագով, Նիուվեխայնի քաղաքապետ տիկին Մարայկէ Վան Պէուկերինկ՝ իր խորհրդական Ճոն Վան Էնկելենի ուղեկցութեամբ, Սբ. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, վարչութեան անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Նիկողայոս եկեղեցին եւ Նիտերլանտներու հայ համայնքը երկար տարիներ կը պահպանեն ջերմ ու բարեկամական յարաբերութիւններ։ Եկեղեցւոյ մէջ հայ համայնքի համար ամիսը անգամ մը /ամսուան դրութեամբ/ կը կատարուին Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն եւ հոգեւոր զրոյցներ, որոնք կը կազմակերպուին Տէր Տարօն քահանայ Թադէոսեանի կողմէ։

Յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 20-ին, Ամսդերտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Խաժակ Սրբազանի ձեռամբ քսանմէկ պատանիներ եւ երիտասարդներ ստացան դպրութեան, հինգ երիտասարդներ՝ կիսասարկաւագութեան աստիճան, իսկ վեց երեխաներ օրհնութիւն ստացան խորան բարձրանալու։

Սրբազան Հայրը նաեւ օրհնեց եկեղեցւոյ երգչախումբը համալրած երիտասարդուհիները։ Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին յանձնեց նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնը, որով կատարուեցաւ ջրօրհնեաց արարողութիւնը։