Հոկտեմբեր 28-ին ողբերգական ինքնաշարժի արկած տեղի ունեցած է Ռուսիոյ մէջ։
SHAMSHYAN.com-ի տեղեկութիւններով՝ ժամը 23։30-ի սահմաններուն Վորոնեժի մարզի Սեմիլուքսքի շրջանին մէջ Քուրսք -Վորոնեժ - «Каспий» ճանապարհի 204 քմ հատուածին վրայ 31-ամեայ վարորդը, որ աղբիւրի տեղեկութիւններով ազգութեամբ տաճիկ է «Mercedes G500» մակնիշի «О004УУ46» ռուսական համարանիշի մեքենայով վթարի ենթարկուած է, որու հետեւանքով 3 հոգի՝ 43, 38 եւ 34 տարեկան տղամարդիկ, տեղւոյն վրայ մահացած են, իսկ եւս 3 հոգի՝ վարորդը, 34 եւ 36 տարեկան ուղեւորները, մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են մօտակայ բժշկական կեդրոն։
Մահացածները եւ վիրաւորներէն 2-ը եղած են ազգութեամբ հայեր։ Գ․ Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ մեքենան կը պատկանի 35-ամեայ Արսէն Թադեւոսեանին: