image

Ծանր պատահար Սպիտակի մէջ. Կախուած կնոջ մը դին եւ երկու մահացած երեխաներ յայտնաբերուած

Ծանր  պատահար Սպիտակի մէջ. Կախուած կնոջ մը դին եւ երկու մահացած երեխաներ յայտնաբերուած

Սարսափելի դէպք տեղի ունեցած է Սպիտակի մէջ. 45ամեայ կինը յայտնաբերուած է կախուած՝ բնակելի շէնքի մուտքին, իսկ անոր երկու մանկահասակ երեխաները՝ տան մէջ մահացած։ Այս մասին «Հայ Ձայն»ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սօնա Տռուզեանը:
Անոր փոխանցմամբ, այս պահուն դէպքի վայր կը գտնուին քննչական-գործադիր խումբը՝ Լոռիի մարզային քննչական վարչութեան պետ Թաթուլ Շուշանեանի գլխաւորութեամբ, քրէագէտներ եւ դատաբժիշկներ։ 

Միջոցներ կը ձեռնարկուին պարզելու երեխաներու մահուան պատճառները եւ դէպքի բոլոր հանգամանքները։ Նախնական տուալներով՝ կինը իր երեխաներու հետ նշուած տան մէջ կը բնակէր որպէս վարձակալ։

Սպիտակի քաղաքապետ Գագիկ Սահակեան Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է, որ Հարթագիւղէն եկած կինը երեխաներու հետ վարձով ապրած է Սպիտակի մէջ: 45-ամեայ կնոջ 2 աղջիկ երեխաները 5 ու 7 տարեկան են: