Մարդատար խոշոր կառք մը մը վթարուած է Սուրիոյ մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց Սուրիոյ մասին արտայայտուող դիմատետրեան էջերէ։
Կը նշուի, որ Հալէպէն- Լաթաքիա ուղեւորուող մարդատար խոշոր կառքը փախած է Թարթուսի մերձ գտնուող կամուրջի մը սիւներուն, որուն հետեւանքով ալ զոհուած են բազմաթիւ ուղեւորներ։ Վերջին տուեալներուն համաձայն զոհերուն թիւը հասած է 6-ի, իսկ վիրաւորներունը անցած է 15-ը։
Սուրիոյ ԱԻՆ մարմիններ արագօրէն շտապած են հասնիլ դէպքի վայր եւ նախնական բուժօգնութիւն տրամադրել վիրաւորեալներուն։
Բացուած է քննութիւն դէպքին շուրջ։