image

Յառաջիկայ Յունուարին. 171 Մարդատար կառքեր Երեւանեան գիծ պիտի մտնեն

Յառաջիկայ Յունուարին. 171 Մարդատար կառքեր Երեւանեան գիծ պիտի մտնեն

171 նոր մարդատար կառքեր գիծ կը մտնեն ոչ թէ 1 սեպտեմբերէն, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, այլ Յունուարի սկիզբէն:

Այս մասին այսօր Երեւանի խորհուրդի հերթական նիստի ժամանակ յայտարարեց խորհուրդի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Գալճեանը։

 

Միասնական տոմսային համակարգը եւս պէտք է սեպտեմբերէն ներդրուէր ։ Գալճեան, սակայն, այսօր տեղեկացուց, որ այդ համակարգը կը ներդրուի մարդատառ կառքերու գիծ մտնելու օրը, իսկ յետաձգման պատճառները, ըստ անոր, թէքնիքային են։

Մարտին քաղաքապետարանը ընդունեց փոխադրակառքերու գիներու բարձրացման ու միասնական տոմսի համակարգ անցնելու որոշումը։ Քաղաքային իշխանութիւնը յայտարարեց, որ փոխադրակառքերու նոր համակարգը հնարաւոր չէ հին գիներով մնայ:

Ընդդիմութիւնը տոմսային համակարգը ընդունելու փոխադրակառքերու գիներու բարձրացման նախագիծ որակած է:Նշենք, որ փոխքաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան Քաղաքապետարանի գործակարգավարական վերջին նիստին տեղեկացուցած է, որ այդ մարդատառ կառքերը Երեւան կը հասնին սպասուածէն աւելի ուշ՝ հոկտեմբերի վերջ-նոյեմբերի սկիզբ: