Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու օդանաւը, որով արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն Միւնխին կը մեկնէր, ստիպուած եղած է վերադառնալ Ուաշինկթըն՝ մեքենագիտական խնդրի պատճառով, ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Թեմմի Պրիւսսը։ Այս մասին գրած է Reuters-ը:
«Արտաքին գործոց նախարարը մտադիր է շարունակել իր ճանապարհորդութիւնը Գերմանիա եւ Մերձաւոր Արըեւելք այլ օդանաւով»,- ըսուած է Պրիւսի յայտարարութեան մէջ։
Առայժմ պարզ չէ, թէ արդեօք Ռուպիօն պիտի կարողանայ մասնակցիլ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպման, որ նախատեսուած է ուրբաթ առաւօտեան՝ Միւնխինի անվտանգութեան ամէնամեայ համաժողովի շրջածիրէն ներս:
Boeing 757 օդանաւին մէջ մեքենագիտական խնդիրը կապուած եղած է օդաչուներու խցիկի դիմապակիի ճեղքի հետ, ըսած է ամերիկացի պաշտօնեան: Այդ պատճառով օդանաւը թռիչքէն մօտ 90 վայրկեան անց ստիպուած եղած է շրջիլ եւ վերադառնալ: Ռուպիոյի օդանաւը բարեյաջող վայրէջք կատարած է Էնտրիւսի կայանին մէջ երեկոյեան ժամը 22:00-ի մօտերը: Այն օդ բարձրացած էր երեկոյեան ժամը 19:00-ին: