Արագօրէն կազմակերպուած է մեր հայրենակիցներու փոխադրութիւնը դէպի Զալքա, ուր տօնական մթնոլորտի մը մէջ դպրոց ժամանած վարսավիրները մեծ ուրախութեամբ կատարած են իրենց նուիրական քայլը եւ յարդարած մեր հայրենակիցներուն վարսերը։
Վարժարանին մէջ բուրած է իրարօգնութեան նուիրական մթնոլորտ մը, որ նաեւ արգասիքն է քրիստոնէական իսկական արժէքներուն, այն պահուն, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կ՚անցնին տնտեսական ամենասուր տագնապներէ։
Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ Հարպոյեան» վարժարանը գլխաւորութեամբ տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանի հանդէս եկած է իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը հասնելու համար քաղաքի հայահոծ շրջաններու կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն։
Վարժարանի պատասխանատուները երկար մտածելէ ետք եկած են այն համոզման, որ տօնական օրերուն ընդառաջ լաւ պիտի ըլլար խնամք տալ, եւ յարդարել այն հայրենակիցներուն վարսերը, որոնք տարբեր պատճառներով կարելիութիւնը չունին այցելելու վարսայարդարներու։
Եւ այդպէս կոչ եղած է, բոլոր այն վարսայարդարներուն, որոնց զաւակները կը յաճախեն հայ Կաթողիկէ վարժարանը , որ կիրակի 17 դեկտեմբերին հասնին դպրոցի շրջափակ ուր տեղւոյն սրահին մէջ կարելիութիւններ ստեղծուած են նման աշխատանք մը իրականացնելու համար։
Գործին յաջողութեան կարեւոր նպաստ բերած է Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Հ. Սահակ վրդ. Քէշիշեանը, որ սիրայօժար ստանձնած ու կապը եղած է մէկ կողմէ կարիքաւոր ընտանիքիներուն եւ միւս կողմէ վարժարանի պատասխանատուներուն միջեւ։
Արագօրէն կազմակերպուած է մեր հայրենակիցներու փոխադրութիւնը դէպի Զալքա, ուր տօնական մթնոլորտի մը մէջ դպրոց ժամանած վարսավիրները մեծ ուրախութեամբ կատարած են իրենց նուիրական քայլը եւ յարդարած մեր հայրենակիցներուն վարսերը։
Վարժարանին մէջ բուրած է իրարօգնութեան նուիրական մթնոլորտ մը, որ նաեւ արգասիքն է քրիստոնէական իսկական արժէքներուն, այն պահուն, երբ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կ՚անցնին տնտեսական ամենասուր տագնապներէ։
Բոլորին վարձքը կատար եւ մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով՝
Տօնական օրերու ընդառաջ. Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ»վարժարանի իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը՝ Պէյրութի մէջ @arevelk1 pic.twitter.com/UvjnOX0uNt
— arevelk.am (@arevelk1) December 18, 2023
Լուրը՝ համադրաբար «Արեւելք»ի