image

Տխուր է Հալէպը .... Մանուէլ Քէշիշեան

Տխուր է  Հալէպը .... Մանուէլ Քէշիշեան

  Մանուէլ  Քէշիշեան  կը գրէ ՝ «Տխուր է Հալէպը, շա՜տ տխուր: Ճիշդ է երեք օրէ ի վեր հրադադար է՝ թշնամական գործողութիւններու դադար եւ հրասանդներ չկան, թէեւ դիպուկահարներ կան եւ այսօր Մունշիէ-ի մէջ անոնք փոքրիկ մը վիրաւորեցին, սակայն ընդհանուր առմամբ խաղաղութիւն է, բայց Հալէպը փոխանակ ուրախանալու տխուր է, ո՛չ թէ որորվհետեւ ելեկտրականութիւն չկայ, ո՛չ թէ որովհետեւ ջուր չկայ եւ ոչ թէ որովհետեւ Հալէպը արտաքին աշխարհին կապող միակ՝ Խանասէրի ճամբան գոց է եւ այդ պատճառաւ վառելանիւթ եւ ուտեստեղէն չկայ... Այս բոլորին վարժուած ենք արդէն... Հալէպը տխուր է որովհետեւ հալէպցիները համոզուած են որ այս անգամ Խանասէրի ճամբան ծախուեցաւ՝ անցարգելի մը պատասխանատուները  գիտակցաբար ճանապարհ տուին ականուած ինքնաշարժին որուն հետեւանքով ՏԱԷՇԸ գրաւեց որոշ տարածքներ, եւ բազմաթիւ զինուորներ զոհուեցան, որոնց շարքին շատ մեծ թիւով հալէպցիներ՝ չեմ ուզեր թիւ տալ զգուշանալով չափազանցութենէ.. սակայն իրականութիւնը իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիլ. Հալէպցիները այս ճամբուն անունը փոխած են եւ զայն Նահատակներու ճամբայ սկսած են անուանել... Տխուր է Հալէպը, տխուր են հալէպցիները, Հալէպահայերն ալ պէտք չէ՞ տխուր ըլլան: Ես տխուր եմ, շա՜տ տխուր»: