image

Տիգ­րան-Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ ա­մո­լի ա­նու­նով գե­ղա­րուես­տա­կան աշխատանոց կեդ­րոն մը Պոլսոյ մէջ

Տիգ­րան-Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ ա­մո­լի ա­նու­նով գե­ղա­րուես­տա­կան աշխատանոց կեդ­րոն մը Պոլսոյ մէջ

Պոլսոյ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը վեր­ջերս հե­տա­մուտ ե­ղած է կարեւոր ծրագ­րի մը՝ վար­ժա­րա­նի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ընդ­լայ­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս շրջագ­ծով գե­ղա­րուես­տա­կան աշխատանոց կեդ­րոն մը, որու հանդիսաւոր բացումը՝ «Ժամանակ»ի համաձայն, պի­տի կատարուի այս ամիս։

Գա­րա­կէօ­զեա­նի գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նոց-կեդ­րո­նը կ՚ընդգր­կէ զա­նա­զան բա­ժան­մունք­ներ, ո­րոնք ա­շա­կերտ­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռեն գեղարուես­տի զա­նա­զան ճիւ­ղե­րուն մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու հա­մար։ Կեդրոնը կ՚ընդգր­կէ նաեւ մի­ջին տա­րո­ղու­թիւ­նով սրահ մը, ինչ որ յա­ւե­լեալ հնարա­ւո­րու­թիւն մը կը հա­մա­րուի այս ա­ռու­մով՝ որ­պէս­զի տղա­քը ի­րենց աշխատան­քին ար­դիւն­քը կա­րե­նան ներ­կա­յաց­նել մաս­նա­ւոր հանդիսութիւններու ձե­ւա­չա­փին մէջ։ 

Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը, գե­ղա­րուես­տա­կան այս նոր աշխատանոց-կեդ­րո­նը կո­չած է Տիգ­րան-Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ ա­մո­լի ա­նու­նվ՝ հանգու­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լի բա­րի յի­շա­տա­կը վառ պա­հե­լու եւ Այդ բարոյական տուր­ք հա­տու­ցելու՝ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի նկատ­մամբ, որ այս հաստատու­թեան ար­դի պատ­մու­թեան բո­լոր ձեռք­բե­րում­նե­րու կի­զա­կէ­տին կանգնած է։