Պոլսոյ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած են հետաքրքրական ձեռնարկներ։ Այսպէս, «Բանաւոր» պատմութեան խումբը աշակերտներուն հետ ունեցած է հաճելի հանդիպում մը, որու ընթացքին շօշափուած են հայկական ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ զանազան հարցեր
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
19 Մարտ Չորեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ Բանաւոր պատմութեան աշխատանոցը, որ կազմակերպուած էր հայ մշակութային ժառանգութիւնը փաստագրելու եւ փոխանցելու նպատակ ունեցող «Բանաւոր» նախաձեռնութեան կողմէ։
Աշխատանոցը սկսաւ բանաւոր պատմութեան եւ անոր կարեւորութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելով։ Սաները լսեցին տարբեր օրինակներ, որոնք ցոյց կու տային, թէ ինչպէս բանաւոր պատմութիւնը կ'օգտագործուի անհատական ու համայնքային յիշողութիւնները պահելու եւ փոխանցելու համար։
Աշխատանոցի ընթացքին, աշակերտները ո՛չ միայն ծանօթացան բանաւոր պատմութեան եւ արձանագրութեան հիմնական մեթոտներուն, այլեւ գործնական վարժութիւններ կատարեցին։ Անոնք սորվեցան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հարցազրոյց վարել, ի՛նչ հարցեր ուղղել, ինչպէս պահպանել տեղեկութիւններու իսկութիւնը եւ ինչպէս օգտագործել ձայնագրութեան ու գրառման տարբեր ձեւեր՝ պատմութիւնները արձանագրելու համար։
Աշակերտները նաեւ հրաւիրուած էին բաժնելու իրենց անձնական կամ ընտանեկան յիշողութիւնները, ինչը հնարաւորութիւն տուաւ գործնականօրէն կիրառել իրենց սորված հմտութիւնները։
Աշխատանոցը եզրափակուեցաւ քննարկումով, ուր մասնակիցները արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները, հարցեր ուղղեցին եւ խօսեցան, թէ ինչպէս կրնան իրենց շրջապատէն նոր պատմութիւններ հաւաքել եւ անոնք պահպանելու ուղիներ գտնել։ Այս նախաձեռնութիւնը կ'ապահովէ, որ հայ մշակութային ժառանգութիւնը մնայ կենդանի եւ փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։