Թուրքիա- Տիարպէքիրի մէջ հաստատուած Պարէտային Ժամը կը շարունակուի: Թուրքիոյ ապահովութեան մարմինները անցարգելներ դրած են ամբողջ քաղաքին մէջ: Տարբեր աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ երէկ երեկոյեան նոյնպէս «Պարէտային ժամ» յայտարարուած է երկրի հարաւ- արեւելան հատուածին մրէջ գտնուող Շըրնաք աւանին մէջ: Ապահովական մարմիններու յայտարարութիւնէն ետք շրջանի սնունդի խանութներուն դիմաց եղած են հերթեր եւ աւելի ուշ ելեքդրական հոսանքն ու համացանցային կապը անջատուած են: Նշենք, որ երէկ PKK-ի կողմէ կատարուած յարձակումի մը հետեւանքով թուրք 3 զինուորներ սպաննուած էին: Շրջանին մէջ կը տիրէ լարուած իրավիճակ: