image

Տիարպրէքիրէն Ետք Պարէտային Ժամ Նաեւ Շըրնաքի Մէջ

Տիարպրէքիրէն Ետք Պարէտային Ժամ Նաեւ    Շըրնաքի  Մէջ

 Թուրքիա-     Տիարպէքիրի մէջ   հաստատուած Պարէտային Ժամը  կը շարունակուի: Թուրքիոյ ապահովութեան մարմինները   անցարգելներ դրած են ամբողջ  քաղաքին մէջ:   Տարբեր աղբիւրներ նաեւ կը նշեն,  որ   երէկ երեկոյեան նոյնպէս   «Պարէտային ժամ»  յայտարարուած է  երկրի   հարաւ- արեւելան  հատուածին  մրէջ  գտնուող      Շըրնաք  աւանին մէջ:    Ապահովական մարմիններու յայտարարութիւնէն ետք         շրջանի սնունդի  խանութներուն դիմաց եղած են  հերթեր եւ աւելի ուշ  ելեքդրական հոսանքն ու  համացանցային կապը անջատուած են: Նշենք, որ   երէկ PKK-ի կողմէ   կատարուած  յարձակումի մը հետեւանքով   թուրք 3 զինուորներ սպաննուած էին: Շրջանին մէջ    կը տիրէ   լարուած իրավիճակ: