Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր Սուրիայէն թրքական զօրքերու դուրս հանելու հնարաւորութիւնը կապած է Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան ընդունման եւ ընդհանուր սահմանի անվտանգութեան ապահովման հետ։
«Թուրքիան պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերել համապարփակ սահմանադրութեան ընդունման, ազատ ընտրութիւններու կայացման, կարգաւորման ու անվտանգութեան համապարփակ մթնոլորտի ստեղծման հարցերուն մէջ։
Միայն այն ժամանակ, երբ այդ կատարուի, եւ մեր սահմանի անվտանգութիւնը լիովին ապահովուի, մենք կ'ընենք այն, ինչ անհրաժեշտ է»,- այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ է ՌԻԱ Նովոսթին ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր։