Թուրքիոյ մէջ նախորդ տարի տեղի ունեցած յեղաշրջման անյաջող փորձէն ետք ծագած ձերբակալութիւններու ալիքը յանգեցուցած է անոր, որ երկրի բանտերուն մէջ ներկայիս պատիժ կրող բանտարկեալներու թիւը անցած է 224 հազարը, այն պարագային, երբ բանտային պայմանները թոյլ կու տան միայն 202 հազար հոգիի կացութեան, որուն հետեւանքով 22 հազար բանտարկեալ ստիպուած է գետինը քնանալ: Այս մէկը Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ ցուցանիշ է: Ըստ «Demokrathaber» լրատուական կայքին, Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներով, այսօր երկրի քրէակատարողական հիմնարկներուն մէջ կայ 224 հազար 878 բանտարկեալ: Ընդ որում, իւրաքանչիւր բանտարկեալի վրայ օրական ծախսուող գումարը կը կազմէ 78 լիրա (մօտ 23 տոլար): Այսինքն տարեկան բանտարկեալներու վրա կը ծախսուի 6 միլիառ 402 միլիոն լիրա (1 857 429 033 տոլար): Այլ խօսքով, Արդարադատութեան նախարարութեան պիւտճէն ամենամեծն է: