Սուրիոյ իշխանութիւնները պատրաստ են ռազմավարական յարաբերութիւններ կառուցելու Թուրքիոյ հետ՝ շարք մը ոլորտներու մէջ։ Այս մասին յայտարարած է երկրի նոր ղեկավար Ահմատ Շարըհ Դամասկոսի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին։
«Մենք քննարկած ենք Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ փոխգործակցութիւնը տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ոլորտներու մէջ, Թուրքիան Սուրիոյ բարեկամն է, ան մեզի օգնեց յեղափոխութեան առաջին օրերէն, մենք այդ չենք մոռանար եւ ապագային կը ծրագրենք ռազմավարական յարաբերութիւններ կառուցել Անգարայի հետ»,- ընդգծած է Շարըհ:
Շարըհի խօսքով՝ Թուրքիոյ հետ գործընկերութիւնը պիտի օգնէ Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն լուծել իրենց առջեւ ծառացած որոշ խնդիրներ, մասնաւորապէս՝ փախստականներու հարցը՝ նշելով, որ սուրիացիներու առնուազն կէսը ներկայիս կ՚ապրի արտերկրի մէջ։
Բացի այդ, Սուրիոյ մէջ ենթակառուցուածքները ոչնչացուած են «նախորդ ռեժիմի» կողմէ, իսկ ներկայիս պատժամիջոցները կը բարդացնեն ատոր վերականգնման գործընթացը, նշած է Շարըհ։ Այդ կապակցութեամբ ան միջազգային հանրութեանը կոչ ըրած է որքան հնարաւոր է շուտ վերացնելու Պաշշար Ասատի օրօք իր երկրի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։
«Անհրաժեշտ է հնարաւորինս մեղմել սուրիացի ժողովուրդի տառապանքը», -ըսած է ան։
Շարըհ նաեւ հաստատած է, որ Սուրիոյ մէջ գործող զինուած կազմաւորումները շուտով պիտի յայտարարեն ինքնալուծարման մասին եւ պիտի դառնան երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան մաս։ Անոր խօսքով, խմբաւորման հրամանատարներու մեծ մասը համաձայնած է այս պայմանին՝ նոյնիսկ Ասատի դէմ ռազմական գործողութեան մեկնարկէն առաջ։
Միեւնոյն ժամանակ, Սուրիոյ նոր իշխանութիւններու առաջնորդն ընդգծած է, որ ինքը «թոյլ չի տար զէնքի անվերահսկելի շրջանառութիւն» երկրին մէջ, քանի որ «յեղափոխութեան փուլին կրնան ըլլալ տարբեր զինուած խմբաւորումներ, սակայն, երբ խօսքը կը վերաբերի պետութեան, անոնց գործունէութիւնը պէտք է կարգաւորուի»։