Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ իր օրօք երկրին մէջ պաշտօնապէս պիտի ըլլայ միայն երկու սեռ՝ արական եւ իգական։
«Թրամփի վարչակազմի օրօք Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը պիտի ճանչնայ միայն երկու սեռ՝ արական եւ իգական: Այդքան բարդ չի՞ հնչեր, չէ՞», -ըսած է Թրամփն Արիզոնայի մէջ TurningPoint's AmericaFest 2024 միջոցառման ժամանակ։
Ան խոստացած է նաեւ «տղամարդիկը դուրս հանել կանանց մարզանքէն»։ Հանրապետականը բազմիցս յայտարարած է, որ մտադիր է արգիլել սեռափոխուածներուն մասնակցիլ կանանց մրցոյթներուն։ Բացի այդ, Թրամփը սպառնացած է կրճատել դաշնային ֆինանսաւորումը «որեւէ դպրոցի, որ կը խթանէ սեռափոխուածներու հետ կապուած խելագարութիւնը»։
Թրամփի առաջին պաշտօնավարման ժամանակ անոր վարչակազմը «սեռ» բառը կը սահմանէր որպէս «կենսաբանական սեռ», մինչդեռ Ճօ Պայտընի վարչակազմը նախընտրեց այն մեկնաբանել որպէս «սեռային ինքնութիւն»:
2018 թուականին Թրամփ, երբ նախագահ էր, արգիլած էր սեռափոխուածներուն ծառայել բանակին մէջ, բացառութեամբ որոշ դէպքերու:
Սեռափոխուածները ամերիկեան բանակին մէջ ծառայելու իրաւունք ստացած են 2016 թուականին այն ժամանակուան նախագահ Պարաք Օպամայի հրամանագրով։ Պայտընը, 2021 թուականի յունուարին երդմնակալութենէն ետք, չեղեալ յայտարարած է իր նախորդի արգելքը՝ հաւատալով, որ «սեռային ինքնութիւնը պէտք չէ խոչընդոտ հանդիսանայ զինուորական ծառայութեան համար, եւ որ Ամերիկայի հզօրութիւնը անոր բազմազանութեան մէջ է»։
Այս տարուան նոյեմբերին The Times-ը գրած էր, որ Թրամփ մտադիր է բոլոր սեռափոխուած զինծառայողները բանակէն հեռացնել: