Գերմանիոյ մէջ հարցուածներու շուրջ 70 տոկոսը դժգոհ է երկրի կառավարութեան եւ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի գործունէութենէն։ Հարցման տուեալները ներկայացուցած է Bild-ը։
Մերցի գործունէութենէն դժգոհ է հարցուածներու 67 տոկոսը, այդ 5 կէտով աւելի է նախորդ շաբաթ արձանագրուած տուեալէն։ Միեւնոյն ժամանակ կառավարութեան ղեկավարի գործունէութենէն գոհ է հարցուածներու 23 տոկոսը, որ 5 կէտով աւելի քիչ է նախորդ հարցման տուեալէն։ Եւս 10 տոկոսը չէ ուզած հարցի վերաբերեալ կարծիք յայտնել։
Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան գործունէութեան, հարցուածներու 68 տոկոսը դժգոհ է նախարարական գրասենեակի աշխատանքէն, 22 տոկոսը կը կարծէ, որ կառավարութիւնը լաւ կ՚աշխատի։
Հարցումը կատարուած է փետրուար 5-6-ը, մասնակցած է 1002 քաղաքացի։