image

Թուրքիա. «Կիւլէնականներու որս»ը կը շարուանկուի. եղած են ձերբակալութիւններ

Թուրքիա. «Կիւլէնականներու որս»ը կը շարուանկուի. եղած են ձերբակալութիւններ

Անգարայի գլխաւոր դատախազութիւնը ձերբակալման հրամանագիր տուած է 40 անձի նկատմամբ, որոնք կը կասկածուին  երկրին մէջ ահաբեկչական յայտարարուած կիւլէնական շարժման` FETÖ կազմակերպութեան գործունէութեան ներգրաւուած ըլլալու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ haberturk.com կայքը:

Ձերբակալութիւնները կ'իրականացուին Թուրքիոյ ռազմածովային ուժերու հրամանատարական կառոյցներուն մէջ FETÖ-ի գործունէութեան հետաքննութեան շրջածիրէն ներս: Կասկածեալներու ցուցակին մէջ կան 19 սպայ, ինչպէս նաեւ ռազմական ակադեմիայի նախկին ուսանողներ:
Գործողութիւնները տեղի կ'ունենամ ինչպէս մայրաքաղաքի, այնպէս ալ երկրի եւս 7 նահանգի մէջ: