image

«Ոչնչի չէք հասնի». Բագրատ սրբազանը` խուզարկութիւններու եւ ձերբակալութիւններու մասին

«Ոչնչի չէք հասնի». Բագրատ սրբազանը` խուզարկութիւններու եւ ձերբակալութիւններու մասին

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազան քաղաքական հետապնդում կ'որակէ GG ընկերութեան գրասենեակին մէջ կատարուած խուզարկութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերու զանգուածային ձերբակալութիւնները։

Նշենք, որ ՀՀ քննչական կոմիտէի աշխատակիցներն առգրաւած են այդ ընկերութեան գրասենեակի բոլոր 26 համակարգիչները։

«Մեր երկրում ո՛չ իրաւաչափութիւն կայ, ո՛չ էլ օրինականութիւն։ Ոստիկանութիւնը գերազանցել է բոլոր տեսակի սահմանները։ Իրաւապահ համակարգը դարձել է բութ գործիք այս իշխանութեան ձեռքին, որի ձեռքերն արիւնոտ են։ Իրաւապահները գործիք են դարձել բողոքի շարժման անդամների քաղաքական հետապնդումների համար։ ՀՀ–ում քաղաքացիների իրաւունքները որեւէ կերպ պաշտպանուած չեն։ Իրենք փորձում են ահաբեկել տարաբնոյթ կառոյցների եւ կազմակերպութիւնների, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւնների եւ անհատների, որոնք ամբողջ ընթացքում ճշմարտութեան պայքարի մէջ են եղել։ Ահաբեկելով դուք ոչնչի չէք հասնի, եւ բոլոր գործողութիւնները համարժէք պատասխան կը ստանան»,– ըսած է սրբազանը ուղիղ եթերով։

Ան անդրադարձած է GG ընկերութեան գրասենեակին մէջ կատարուած խուզարկութիւններուն եւ նշած, որ այդ պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ընկերութեան սեփականատէր Խաչատուր Գրիգորեանի դիրքորոշումը եւ հայեացքները կը տարբերուին ՀՀ իշխանութեան դիրքորոշումէն եւ հայեացքներէն։

Դիմելով միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ դեսպաններուն` սրբազանը նշած է, որ անոնք իրենց լռութեամբ կը դաւաճանեն սեփական արժէքներուն եւ կ'ոչնչացնեն իրենց վարկանիշը։

Նշենք, որ փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեանի խօսքով` GG ընկերութեան դէմ գործը շինծու է եւ ապօրինի. պատճառը ընկերութեան սեփականատէր Խաչատուր Գրիգորեանի գրառումն է եւ քաղաքական դիրքորոշումը։

Գրիգորեան 12 յունիսին դիմատետրեան իր էջին աջակցութիւն յայտնած էր «Տաւուշը յանուն հայրենիք»ի շարժման եւ գրած. «Եթէ դու հայ ես, եթէ ինձ բարեւելուց ուզում ես, որ ես քեզ յարգեմ, քո տեղը Բաղրամեանի վրայ է»։

Այս գրառումէն յետոյ իշխանամէտ օգտատէրերը ֆլեշմոպ սկսած են` յորդորելով պոյքոթ ընել այս թաքսի ծառայութեան, բողոքի շարժման կողմնակիցներն ալ ուրիշ ֆլեշմոպ ըրած են. «Երթեւեկում եմ միայն GG-ով»։ Այսօր Խաչատուր Գրիգորեան գրառում մը եւս ըրած է` յորդորելով պաշտպանել մեր հայրենիքը։