ՀՀ իշխանութիւնները ՀՅԴ–ի դէմ կը կիրառեն բոլոր հնարաւոր մեթոտները, որ արհեստական եւ կեղծ գործեր յարուցեն։ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամներու ձերբակալութիւններու նոր ալիքի վերաբերեալ ասուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ–ական Արծուիկ Մինասեանը։
«ՀՀ–ում կիրառում են բոլոր հնարաւոր մեխանիզմները եւ մեթոդները, որպէսզի արհեստական ու կեղծ գործեր յարուցեն, կուսակցութեան մարզային գրասենեակների վրայ յարձակումներ են կազմակերպում։ Մասշտաբային ապօրինի գործողութիւններ են իրականացուել, կատարուել են նաեւ խուզարկութիւններ ու ձերբակալութիւններ։ Այս պահի դրութեամբ նիկոլական քննչական համակարգը եւ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող դատարանները 5 կալանքի որոշում են կայացրել։ Նրանցից 4-ը 2 ամսով են կալանաւորուել, իսկ մէկը` 1 ամսով, եւս 3 անձինք էլ 2 ամսով տնային կալանքի տակ են։ Եւս 1 անձի նկատմամբ խափանման միջոց է կիրառուել գրաւը, մէկ այլ անձի նկատմամբ էլ` երկրից բացակայելու արգելքը։ Խօսքը միայն Վայոց Ձորի մարզի ՀՅԴ գրասենեակի անդամների մասին է»,– նշած է Մինասեան։
Ան ընդգծած է, որ սա իշխանութեան կողմէ ձեւաւորուած կեղծ օրակարգ է։ Պատգամաւորը վստահ է` իրականութեան չհամապատասխանող արտայայտութիւններու ներքոյ հալածանքներու կ՚ենթարկուին ՀՅԴ–ականները։ Մինասեանը շեշտած է, որ ՀՀ իշխանութիւններու նմանատիպ գործելաոճը չի կրնար հեռանկար ունենալ։