image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Հայկական համայնքի երիտասարդներ հանդիպած են Էրտողանի օգնականին հետ

Թուրքիա. Հայկական համայնքի երիտասարդներ հանդիպած են Էրտողանի օգնականին հետ

22 Յունուարին Թուրքիոյ հայ, յոյն, ասորի եւ հրեայ համայնքներու երիտասարդներ Անգարայի մէջ հանդիպած են Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարներէն Հասան Տողանի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։

Այդ հանդիպման Կ․ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան աթոռէն մասնակցած են «Մենթի-Մենթոր» ծրագրի 14 երիտասարդ, ինչպէս նաեւ յիշեալ ծրագրի համակարգողներ Մերի Թաքսի Տեւէճեանն ու Արաս Եոլուսեւերը։

Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպման կարճ անդրադարձ կատարած են իրենց համայնքներուն, այնուհետեւ ընդգծած նոր ծրագրերու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։

Հայ համայնքի երիտասարդներէն Ճանին Ազիզովը նշած է, որ նմանատիպ հանդիպումներն աւելի արդիւնաւէտ կ'ըլլան, եթէ անոնք աւելի լայն շրջանակներու հետ իրականացուին։

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Հասան Տողանն ալ այդ առիթով անդրադարձած է հաղորդակցութեան կարեւորութեան եւ շեշտած՝ երիտասարդութեան կարեւորութիւնը Թուրքիոյ առաջադիմութեան համար։ Տողան նաեւ յայտնած է, որ այդպիսի հանդիպումներ առիթ են տարբեր համայնքներու երիտասարդներու շփումներու համար։