image

Թուրքիա. Էրտողանը վիրաւորելու մեղադրանքով երկու յայտնի կատակերգակներ կրնան բանտարկուիլ

Թուրքիա. Էրտողանը վիրաւորելու մեղադրանքով երկու յայտնի կատակերգակներ կրնան բանտարկուիլ

Թուրքիոյ դատախազութիւնը կը պահանջէ երկու յայտնի կատակերգուներ՝ Մեթին Ակփինարին ու Միւետաթ Կեզէնին դատապարտել 4 տարի 8 ամսուան ազատազրկման՝ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը «վիրավորելու» համար:

Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը հետաքննութիւնը սկսած է 2018-ին՝ Public Arena հեռուստաշոուի ժամանակ կատակերգուներու ըրած մեկնաբանութիւններու պատճառով:

Չորեքշաբթի օր կայացած երկրորդ լսումներու ժամանակ դատաւորը յետաձգած է նիստը մինչ 1 մարտ, որպէսզի ամբաստանեալներուն ժամանակ տայ իրենց յայտարարութիւնները պատրաստելու համար:

79-ամեայ Ակպինարին կը հետապնդեն այն բանէն ետք, երբ ան մեկնաբանած է Էրտողանի սերտ յարաբերութիւնները Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ ըսելով, որ յարաբերութիւններու բարելաւումը կրնայ յանգեցնել անոր հրաժարականին: Անոր խօսքով՝ այդպէս եղած է Թուրքիոյ նախորդ ղեկավարներու պարագային: «Ով դիմած է Ռուսաստանին, բացի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքէն, ստիպուած եղած է լքել իր պաշտօնը: Ատնան Մենտերսը հանդիպում  նշանակած էր եւ յեղաշրջում տեղի ունեցաւ: Նոյնը պատահեցաւ, երբ Սուլէյման Տեմիրելը շրջուեցաւ դէպի հիւսիս՝ յեղաշրջում տեղի ունեցաւ: Տեսնենք, թէ ով է յաջորդը»,- ըսած է ան:

77-ամեայ Կեզէնը քննադատած է Էրտողանին` իր իշխանութեան դէմ արտայայտուողներու հասցէին կտրուկ արտայայտութիւններու համար: «Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան, դուք չէք կրնար փորձարկել մեր հայրենասիրութիւնը, գիտցէք ձեր սահմանները»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ինքը հետեւած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ սահմանուած սկզբունքներուն:

Թուրքիոյ մէջ նախագահը վիրաւորելու համար կը պատժուին 1-4 տարուան ազատազրկմամբ: Թուրքիոյ կառավարութիւնը օգտագործած է ընկերայինն լրատուամիջոցներու գրառումները, ծաղրանկարները, լուրերու ռեփորթաժները եւ այլ յօդուածներ՝ մարդոց նախագահը «վիրաւորելու» մէջ մեղադրելու համար: 2014-ին Էրտողանի կողմէ պաշտօնը ստանձնելէ ետք դէպքերու քանակը կտրուկ աճած է: