image

Թուրքիա. 4 օրուան համար «Պարէտային ժամ» յայտարարուած է

Թուրքիա.  4 օրուան համար «Պարէտային ժամ» յայտարարուած  է

Թուրքիոյ մէջ 31 քաղաքներու բնակիչներու այսօրուընէ չորս օրով կ'արգիլուի լքել իրենց տուները:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածումը կանխելու նպատակով Թուրքիոյ իշխանութիւնները քանի մը կարճաժամկէտ քարանթինային միջոցառումներ ձեռնարկած են, սակայն կը հրաժարին արտակարգ դրութիւն յայտարարել` երկրի արդէն թոյլ տնտեսութիւնը չվտանգելու համար:

Պաշտօնական վերջին տուեալներու համաձայն՝ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը երկրին մէջ կը մօտենայ 100 հազարին, զոհուած է 2 հազար 400 մարդ: