image

Մոնթէվիտէօ. Հայկական տարազներու ցուցահանդէս

Մոնթէվիտէօ. Հայկական տարազներու ցուցահանդէս

Մոնթէվիտէոյի մէջ տեղի կ՚ունեանայ հայկական տարազներու ցուցահանդէս, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 26:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Յունիս 25-ին, Մոնթէվիտէոյի Նախագոլոմպոսեան ժամանակաշրջանի (1492-էն առաջ) եւ բնիկներու արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի գործակցութեամբ կեանքի կոչուած հայկական տարազներու ցուցահանդէսին բացման արարողութիւնը։

Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան իր ելոյթին անդրադարձած է տարազի պատմութեան, անոր տարբեր տարրերու նշանակութեան եւ մեր օրերուն տարազի կիրարկման առանձնայատկութիւններուն:

Իր կարգին, թանգարանի տնօրէն Ֆագունտօ տէ Ալմեիտա նշած է, թէ հայկական ազգային հագուստներուն ցուցահանդէսը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ աւելին իմանալու Հայաստանի մասին։ Ան շեշտած է, թէ Ուրուկուայ միշտ սերտ կապեր ունեցած է Հայաստանի եւ տեղւոյն հայ համայնքին հետ:

Հանդիսութեան ներկայ եղած են դեսպաններ, Արտաքին յարաբերութիւններու նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, խորհրդարանականներ, քաղաքական, հասարակական, մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 26: