ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ պիտի ազատագրէ վեհարանը Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.–էն եւ որոշ այլ հոգեւորականներէ։
Ան կը կարծէ, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ն, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միաքայէլ արքեպիսկոպոս սրբազանը, Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը (անոնց բոլորին Փաշինեան կ՚անուանէ իրենց աշխարհիկ անուներով`Կտրիճ Ներսիսեան, Գէորգ Աջապահեան, Վազգէն Գալստանըան) ու որոշ այլ հոգեւորականներ կապ չունին Յիսուս Քրիստոսի ու անոր վարդապետութեան հետ։
«Յիսուս Քրիստոսի տունը, Միածնի իջման վայրը զաւթուած է հակաքրիստոս, շնաբարոյ, ապազգային, ապապետական մի խմբակի կողմից եւ պէտք է ազատագրուի։ Ես առաջնորդելու եմ այդ ազատագրումը»,–իր հերթական դիմատետրեան գրառման մէջ նշած է Փաշինեանը։