Եմէնի հուսիներու «Անսար Ալլահ» շարժումը Յունիս 4-ի երեկոյեան նոր զինուորական գործողութիւն մը իրականացուցած է Իսրայէլի «Պեն Կուրիոն» օդակայանի ուղղութեամբ։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է հուսիներուն պատկանող Al Masirah հեռուստաալիքը։
Այս հուսիներու կողմէ չորս օրուան ընթացքին Իսրայէլի օդակայանի չորրորդ թիրախաւորումն է։
Հուսիներու պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Եահիա Սարին իր յայտարարութեան մէջ բացատրած է, որ Եմէնի զինուած ուժերը երկու անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով ռազմական գործողութիւն իրականացուցած են Եաֆֆայի շրջանի Լոտի (Պեն Կուրիոն) օդակայանի դէմ։
Ան շեշտած է, որ գործողութիւնը «յաջողութեամբ հասած է իր նպատակին»։
Սարին միաժամանակ ընդգծած է, որ հուսիները պիտի շարունակեն իրենց գործողութիւնները Իսրայէլի դէմ, «մինչեւ որ Կազայի վրայ յարձակումը դադրեցուի եւ շրջափակումը վերացուի»։