Ազրպէճանական ուժեր երէկ գիշեր հրթիռարձկումներ կատարած են Բաղանիս սահմանային գիւղին ուղղութեամբ: Այս մասին Ֆէյսպուքեան գրառում մը կատարած է Բաղանիսի գիւղապետ՝ Նարեկ Սահակեանը: Ան նաեւ յայտնած է, որ գնդակոծումներուն հետեւանքով վիրաւորներ կամ զոհեր չկան: Ներկայիս իրավիճակը բնականոն հունի մէջ է Թիֆլիս տանող Բաղանիս Ոսկեպար ճանապարհային հատուածը բաց է ուղեւորներուն առջեւ: