image

Փաշինեան պիտի մասնակցի Միւնխինի անվտանգութեան համաժողովին

Փաշինեան պիտի մասնակցի Միւնխինի  անվտանգութեան համաժողովին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով Միւնխին է: Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն։

Վարչապետը պիտի մասնակցի Միւնխինի անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան: Համաժողովի շրջածիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան երկկողմ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ արտերկրի գործընկերներու հետ:

Վերջին անգամ Նիկոլ Փաշինեան Միւնխինի անվտանգութեան համաժողովին մասնակցած է 2024-ի փետրուարին։

Միւնխինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Բանակցութիւններու ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր շարունակելու աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցման շուրջ եւ սահմանազատման յանձնաժողովներու շրջածիրէն ներս։

Միւնխինի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում տեղի ունեցած էր նաեւ 2020-ին, 2021-ին, 2023-ին։

Այս տարի Փաշինեան-Ալիեւ հնարաւոր հանդիպման մասին դեռ պաշտօնական տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։