image
Հրատապ լուրեր:

«Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը Գիւմրիի քաղաքապետի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Ռուբէն Մխիթարեանի առաջնորդութեամբ

«Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը Գիւմրիի քաղաքապետի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Ռուբէն Մխիթարեանի առաջնորդութեամբ

«Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը որոշում ընդունած է Գիւմրիի քաղաքապետի ընտրութիւններուն մասնակցիլ Ռուբէն Մխիթարեանի առաջնորդութեամբ:

«Հաւատարիմ մնալով իր կողմից հռչակուած արժէքներին, այդ թւում խիստ կարեւորելով աշխատանքը համայնքներում, «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը որոշում ընդունեց Գիւմրու քաղաքապետի ընտրութիւններին մասնակցել Ռուբէն Մխիթարեանի առաջնորդութեամբ:

Նման որոշումն առաւել քան բնական է, հաշուի առնելով, որ երկար տարիներ ճանաչում ենք Ռուբէն Մխիթարեանին, մեր պատկերացումներն ու տեսլականը գրեթէ համընկնում են: Վստահ ենք, որ սկզբունքային գործիչ եւ լաւ գիւմրեցի Ռուբէն Մխիթարեանը կարող է լինել Գիւմրի քաղաքի պատշաճ եւ արդիւնաւէտ քաղաքապետ եւ իր առաջնորդած թիմով լաւագոյնս ծառայել Գիւմրիին եւ գիւմրեցուն»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ արտադրող, հասարակական գործիչ Ռուբէն Մխիթարեան աւելի վաղ յայտնած էր, որ որոշած է առաջադրուիլ որպէս Գիւմրիի քաղաքապետի թեկնածու: