Արուեստի եւ մշակոյթի ոլորտին մէջ կազմակերպական կարեւոր նախաձեռնութիւններու վարչարար Սեւակ Սերոբեան օրերս նոր պաշտօնի տիրացած է։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Սերոբեանի «Լինքըտին»ի պաշտօնական էջէն։
Կը նշուի, որ մեր հայրենակիցը դարձած է գործադիր տնօրէնը «Արթէիոնքո» (ARTEONCO LTD) ընկերութեան, որ յայտնի է բնակարաններու եւ առանձնատուներու յատակագիծներ պատրաստելու աշխատանքներով։
Մեր հայրենակիցը նաեւ գրած է, որ մեծ աւանդ ունեցող ընկերութիւն մըն է, որուն մաս կը կազմեն սոյն ոլորտին մէջ անուն ունեցող արհեստավարժներ։
Մեր հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ արմատներով լիբանանահայ եւ ապա Կիպրոս տեղափոխուած Սեւակ Սերոբեանի անունը հանրայայտ դարձաւ յատկապէս «ԳՈՀԱՐ» արուեստի խումբի (երգչախումբ,պարախումբ եւ նուագախումբ) գործունէութեան օրերուն եւ ան ու վերջինիս եղբայրը՝ Սարոն, «ԳՈՀԱՐ»ի ընդհանուր տնօրէն Տիար Յարութ Խաչատուրեանի կողքին կը համարուին աշխարհի չորս ծագերուն հայարուեստ տարածած այդ բացառիկ խումբի ողնասիւներէն։
Նորանոր յաջողութիւններ՝ Սեւակ Սերոբեանին։