image

Հարիրի «կը վերադառնա՞յ...»

  Հարիրի   «կը վերադառնա՞յ...»

   Հայր Հարիրին  եւ Սաատ Հարիրին ճիշդ է անբաղդատելի է, բայց այսօր Լիբանանի մէջ ստեղծուած նոր պատկերին դիմաց Հարիրի սիւննի աշխարհին եւ արաբներուն կը ներկայանայ, որպէս լիարժէք առաջնորդ մը, որ գիտցաւ լռել ու հեռանալ, երբ հարկ էր այդպէս վարուիլ եւ հիմա երբ նոր էջ կը բացուի շրջանին մէջ ընել նոր վերադարձ մը, կամ հայացքով ու կեցուածքով մը սէուտցիներուն բացատրել ու ցոյց տալ, որ ինք այսօր «գլխաւոր խաղացող» ըլլալու բոլոր տուեալները ունի։ Ի հարկէ Սաատ Հարիրին առանձինն չէ ու այսօր հազարաւոր լիբանանցիներ , որոնք ներկայ եղան իր հօր յիշատակի բազմահազարանոց հաւաքին ուզեցին իրենց «այո»ն ըսել Հարիրիին։ Իր կարգին ալ Սաատ Հարիրի, ճիշդ «թայմինկ»ը ունի վերանորոգելու համար իր վիրաւոր յարաբերութիւնը սէուտցիներուն հետ…

Թէ ինչպէս կրնայ ըլլալ Հարիրիի նոր «պրէնտինկ»ը տակաւին պարզ չէ, սակայն աւելի քան յստակ է, որ անոր համար վերջին «այո»ն ըսողն ու «կանաչ լոյս» մը վառողը՝ սէուտցիք են։

 

Լիբանանի զարգացումներուն հետեւող ներուն համար այսօր նոր էջ մը բացուեցաւ։ Խօսքն անշուշտ Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մասին է, որ հերթական անգամ ժամանեց նախագահելու համար իր հօր նահատական Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպաննութեան 20-րդ տարելիցի արարողութեանց նախագահելու։ Հարիրի, որ իր հազարաւոր համակիրներուն եւ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի անդամներուն առջեւ հակիրճ ու բաւական կուռ խօսք մը արտասանեց հաւաստեց, որ պիտի շարունակէ մնալ իր գաղափարակիցներուն կողքը ու մասնակից դառնայ երկրին մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն։ Հարիրի, որ երկար ժամանակէ ի վեր հեռու կը մնայ Լիբանանի ներքին գործընթացներուն մաս կազմելէ, այսօր արդէն կը վերադառնայ ականտես ըլլալու բոլորովին նոր համապատկերի մը։ Լիբանանի «Հըզպալլա»ն տկարացած է, երկիրը ունի նոր նախագահ, նոր վարչապետ եւ նոր կառավարութիւն եւ ամէնէն կարեւորը երկրի հասարակութեան մէջ սկսած է աճիլ լաւատեսութեան ընդհանուր շեշտ մը, յոյս մը, որ նաեւ փոխկապակցուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եղած բաւական ազդեցիկ փոփոխութիւններուն հետ։ Կայ անշուշտ Սուրիոյ թեման ու այդ առումով եւս Հարիրի մատնուած էր բաւական «շփոթեցուցիչ» վիճակի մը մէջ, քանի որ Ասատի եւ անոր վարչակարգին հանդէպ իր ունեցած ժխտական մօտեցումները նոյն ոգիով չէին ընկալուիր Հարիրիի նեցուկ կանգնած տէրութեանց կողմէ։ Այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն կայ այստեղ արտաքին «օրինականութեան» մը խնդիրը, որովհետեւ Սաատ Հարիրի լիբանանեան թատերաբեմէն կը հեռանար, ոչ թէ իր մրցակիցներուն, կամ «Դիմադրութեան ճակատ»ին խմբակին ճնշումներով, կամ Սուրիոյ ու Իրանի կողմէ եղած ճնշումներուն հետեւանքով, այլ իր եւ սիւննիներու գլխաւոր հովանաւոր Սէուտեան թագաւորութեան ուղղակի միջամտութեան ու նաեւ «պատիժ»ին հետեւանքով…։ Ու հոս է անշուշտ, որ մէջտեղ պիտի նետուի այն հարցադրումը, որ արդեօք Հարիրի ամբողջական «Կանաչ լոյս» ունի՞ սէուտցիներէն եւ յատկապէս թագաժառանգ Մոհամմատ Պըն Սըլմանէն, որուն համար ալ Հարիրին կարծէք մինչեւ այս պահը չի համարուիր «վստահելի» գործընկեր կամ դաշնակից։ Բառերուն որակն ու ուժգնութիւնը չէ, որ այստեղ կը կարեւորուի, այլ կայ «Քէմիսթրի»ի մը հարցը, որովհետեւ հակառակ անոր, որ Պըն Սըլման կարողացաւ «պատժել» Հարիրին, սակայն Սաատ Հարիրի հակառակ պատիժ կրելուն, ու Լիբանանէն հեռանալուն չկարողացաւ «սիրաշահիլ» երիտասարդ գահաժառանգին սիրտը…։ Այստեղ կան ի հարկէ, նաեւ բազում նուրբ թելեր ու այդ թելերը մեծ հաշուով կապուած են Հարիրիի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հետ ունեցած ջերմագոյն կապերուն հետ, ու երեւի այդ է պատճառը, որ պաշտօնական Ռիատ ոչ մէկ անգամ անցնող հինգ եւ աւելի տարիներուն ներողամտութեամբ մօտեցաւ Հարիրիին հանդէպ։

 

  Հայր Հարիրին  եւ Սաատ Հարիրին ճիշդ է անբաղդատելի է, բայց այսօր Լիբանանի մէջ ստեղծուած նոր պատկերին դիմաց Հարիրի սիւննի աշխարհին եւ արաբներուն կը ներկայանայ, որպէս լիարժէք առաջնորդ մը, որ գիտցաւ լռել ու հեռանալ, երբ հարկ էր այդպէս վարուիլ եւ հիմա երբ նոր էջ կը բացուի շրջանին մէջ ընել նոր վերադարձ մը, կամ հայացքով ու կեցուածքով մը սէուտցիներուն բացատրել ու ցոյց տալ, որ ինք այսօր «գլխաւոր խաղացող» ըլլալու բոլոր տուեալները ունի։ Ի հարկէ Սաատ Հարիրին առանձինն չէ ու այսօր հազարաւոր լիբանանցիներ , որոնք ներկայ եղան իր հօր յիշատակի բազմահազարանոց հաւաքին ուզեցին իրենց «այո»ն ըսել Հարիրիին։ Իր կարգին ալ Սաատ Հարիրի, ճիշդ «թայմինկ»ը ունի վերանորոգելու համար իր վիրաւոր յարաբերութիւնը սէուտցիներուն հետ… Թէ ինչպէս կրնայ ըլլալ Հարիրիի նոր «պրէնտինկ»ը տակաւին պարզ չէ, սակայն աւելի քան յստակ է, որ անոր համար վերջին «այո»ն ըսողն ու «կանաչ լոյս» մը վառողը՝ սէուտցիք են։

 

 

 

 «Ա»