Ատրպէյճանը նոր «մեղադրանք» ներկայացուցած է Պաքուի մէջ ապօրինի պատանդառուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Ռուբէն Վարդանյան այժմ «կը մեղադրուի» նաեւ արտասահմանի մէջ ատրպէյճանցի դիւանագէտներու դէմ «Նեմեսիս-2» ահաբեկչական գործողութիւն նախաձեռնելու մէջ»։ Յաջորդ դատական նիստը պիտի կայանայ փետրուար 17-ին։
Նշենք, որ 13 փետրուին, դատական ֆարսի ժամանակ Ռուբէն Վարդանեանը յայտարարած էր, որ կը հրաժարի ատրպէյճանցի պաշտպանէն, եւ որ անոր իրաւունքները պիտի պաշտպանէ միայն պայմանագրով իր փաստաբան Ապրահամ Պերմանը։
Յիշեցնենք, որ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիական անձինք Պաքուի դատարանը կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» համար:
Ռուբէն Վարդանեանը կը մեղադրուի Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի 16 յօդուածներով։