Գիշերը ժամը 00:50-ին երկրաշարժ գրանցուած է Գեղարքունիքի Շողակաթ գիւղէն 5 քմ հիւսիս-արեւելք։
Այս մասին յայտնած են ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:
Կեդրոնային գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4 աստիկան։
Երկրաշարժը զգացուած է Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ քաղաքին եւ Շողակաթ, Աղբերք, Արտանիշ, Վահան գիւղերուն մէջ՝ 3 աստիճան ուժգնութեամբ։