image

ՍԴՀԿ Նոր Վարիչ Մարմնի կազմութիւն՝ Պէյրութի մէջ. Վանիկ Տագէսեան ներկայացուցիչ

ՍԴՀԿ Նոր Վարիչ Մարմնի կազմութիւն՝ Պէյրութի մէջ. Վանիկ Տագէսեան ներկայացուցիչ

Օրերս Պէյրութի մէջ կայացած է ՍԴՀԿ Պատգամաւորական հերթական ժողովը, որու աւարտին ալ մասնակիցները ընտրած են  Շրջանի նոր Վարիչ Մարմին մը։Մեր ունեցած տուեալներով  կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի ներկայացուցիչի պաշտօնը պիտի շարունակէ Հնչակեան երիտասրդ քատրերէն՝ Վանիկ Տագէսեան։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ ընտրեալ Վարիչ Մարմնի կազմին մէջ ներգրաւուած է Տիար Միհրան Սէֆէրեանը, որ երկար ժամանակէ ի վեր հեռու էր կուսակցական մարմիններու մէջ պատասխանատւութիւն ստանձնելու դերակատարութիւնէն։

 Դրական այս լուրերը յաւելեալ յոյս մը կը ներշնչեն, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ոչ բարւոք  պայմաններուն Մայր Կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ ծառայել մեր ժողովուրդին ու յատկապէս լիբանանահայութեան։

 

 Ստորեւ  ժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

 

Վերջերս կայացաւ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի 59-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 27 Յունուար 2025-ին եւ աւարտեցաւ Երկուշաբթի, 3 Փետրուար 2025-ին: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մէջ գործող Մասնաճիւղերու պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան։

Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի 59-րդ Պատգամաւորական Ժողովը քննարկելէ ետք Կուսակցութեան անցեալ շրջանի գործունէութիւնը, վերահաստատեց Լիբանանի քաղաքականութեան մէջ իր նոյն ուղղութիւնը, մնալով կառչած Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ պետականութեան սկզբունքներուն։ 

Ժողովը գոհունակութեամբ ողջունելէ ետք Լիբանանի նախագահ Զօր. Ժոզէֆ Աունի ընտրութիւնը, շեշտեց որ անոր ընտրութիւնը նոր յոյս կը պարգեւէ Լիբանանի բարգաւաճման եւ յառատեւման։

Ազգային եւ գաղութային հարցերու շուրջ, Ժողովը անդրադառնալէ ետք անցնող երկու տարիներու ընթացքին Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերը, որոշեց Կուսակցութիւնը շարունակէ մնալ գործնական միասնականութեան եւ համագործակցութեան ջատագով՝ ի խնդիր Լիբանանահայութեան ամրապնդման։

Ընդունուեցաւ համապատասխան որոշումներ եւ բանաձեւեր յառաջիկայ շրջանին համար։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Նոր Վարիչ Մարմինի ընտրութիւն հետեւեալ կազմով՝

Ընկ. Վանիկ Տագէսեան (Ատենապետ)

Ընկ. Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան (Փոխ ատենապետ)

Ընկ. Տիգրան Միհրանեան (Ատենադպիր)

Ընկ. Գէորգ Տաղլեան (Փոխատենադպիր)

Ընկ. Միհրան Սեֆերեան

Ընկ. Տոքթ. Սարգիս Պետիկեան

Ընկ. Միհրան Շահինեան

Ընկ. Վաչէ Փօլատեան

Ընկ. Լութֆիկ Կոտալազեան

Ընկ. Սարգիս Մուղալեան

Ընկ. Աւագ Պարախեան