image

Ուքրանիոյ խորհրդարանի նախագահն իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման

Ուքրանիոյ խորհրդարանի նախագահն իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման

ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանը Քիեւի մէջ հանդիպած է Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի նախագահ Ռուսլան Սթեֆանչուքի հետ:

Առանձնազրոյցի ընթացքին Ռուսլան Սթեֆանչուքը, ողջունելով Սարգիս Խանդանեանի այցն Ուքրանիա, կարեւորած է երկու երկիրներու միջեւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացումը, մասնաւորապէս՝ երկու խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամական խումբերու փոխայցերու կարեւորութիւնը:

Սարգիս Խանդանեանը ՀՀ Ազգային ժողովի անունով իր աջակցութիւնը յայտնած է Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի գործընկերներուն երկրի համար դժուարին պայմաններուն մէջ խիզախ գործունէութեան համար եւ շեշտած միջխորհրդարանական հարթակներու վրայ համատեղ գործելու կարեւորութիւնը: Ան Ուքրանիոյ խորհրդարանի ղեկավարին ներկայացուցած է Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային մարտահրաւէրները, ՀՀ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա բանակցային գործընթացի մանրամասնութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:

Ռուսլան Սթեֆանչուքը, կարեւորելով տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը, իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ ժողովրդավարական զարգացման ուղիին:

Սարգիս Խանդանդանն Ուքրանիա մեկնած է` մասնակցելու ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոյի աշխատանքներուն: