«Այս մէկը երկրորդ սեմինարն է, ուր տարբեր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ կը մասնակցին եւ որուն ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան թրաֆիկինքի (մարդկանց շահագործման) եզրոյթին» «Արեւելք»ին ըսաւ Մարիձա Յովհաննիսեան: Նշենք, որ Յովհաննիսեան կը խօսէր օրեր առաջ Աղուերանի մէջ Թրաֆիքինկի զոհերուն օժանդակութիւններ ցոյց տալու եւ խնդրի մէջ լրատուամիջոցներուն վստահուած դերին մասին յատկացուած սեմինարին մասին: Նշենք, որ սեմինարը կազմակերպուած էր Հայաստանի Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութիւն հասարակական կազմակերպութեան (Association of Audio-Visual Reporters) կողմէ: , որուն նախագահն է Արզուման Յարութիւնեանը: Յովհաննիսեան, որ Մարդկային շահագործման (թրաֆիկիք)ի գործերով Հայաստանի հետ իրաւապահական յարաբերութիւններու ընդհանուր ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակից է նշեց, որ Թրաֆիքինկի տարբեր տեսակներ կան եւ շեշտը պէտք է դնել խնդրի ճիշդ լուսաբանման վրայ չխախտելով մարդու իրաւունքներու լրագրողական ընդհանուր ըմբռնումները (էթիկան) եւ հաշուի առնել տուժածի գործի հետ կապուած նուրբ տեղեկութիւններու բացայայտումը: «Մեր լրատուամիչոցները պէտք է միշտ անցընեն վերապատրաստումներ, քանի որ համալրւում են երիտասարդ մասնագէտներով եւ երբեմն սխալ լուսաբանումներ են լինում, բացայայտում են տուժածների անունները, ազգանունները կամ գործի հետ կապուած մանրամասնումները, որոնք պէտք չէ բացայայտուեն» ըսաւ Յովհաննիսեան: «Արեւելք»ի խօսակիցը նաեւ դիտել տուաւ, որ Սեմինարի նպատակը մասնագիտական գիտելիքներ տալն է կապուած ՝զոհերու հետ տեսակցութիւններու յաջողման ու մանաւանդ ուսումնասիրեն միջազգային փորձը, որուն համար մասնագէտեր հրաւիրուած են: Ան բացատրեց, թէ կը ներկայացնէ Ամերիկեան կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագիրը, կը լսէ ժողովուրդի կարծիքները եւ ըստ կարիքի անհրաժեշտ բացատրութիւնը կու տայ, յատկապէս հետագայ ծրագրերը ճիշդ իրականացնելու համար:
Այն նկատողութեան թէ Ամերիկեան կառավարութիւնը եւ դեսպանատունը հետամուտ է լուծումեր որոնելու, Հայաստանը ինչ սանդրակի մէջ կը գտնուի եւ յատկապէս նախորդ տարիներուն յաճախակի կը լսէինք Թուրքիոյ, Տուպայի մէջ հայ կանանց թրաֆիկինքի մասին, Յովհաննիսեան պատասխանեց ՝«Ամերիկեան կառավարութեան հետաքրքրութիւնը այս չարիքի դէմ շատ մեծ է, օժանդակութիւն կը ցուցաբերուի յայտնաբերուած զոհերուն, իրաւաբան մարմինները կը խրախուսուին որպէսզի հետապնդեն յանցագործներին: Այս կէտերով են գնահատւում պետութիւնները, արտացոլւում են տարեկան զեկուցում, որոնք կոչւում են մարդկանց թրաֆիքինկի դէմ պայքարի զեկոյց: Վերջին տասնըերկու տարիներին Հայաստանը մեծ առաջընթաց է ապրել, նա գտնուել էր երրորդ եւ ամենավատ խմբում: Կառավարութիւնը պետ-քարտուղարութեան ճնշման տակ 2008 թուականին այս ոլորտում պետութեան պայքարը աւելի բարձրացրեց, ստեղծուեց խորհուրդ, ազգային գործուղման ծրագրեր, ամուր համագործակցութիւն տեղի ունեցաւ, կառավարութիւնը ֆինանսներ ներդրեց, որը գրանցուեց Ամերիկայի կողմէ որպէս կարեւոր քայլ: 2013-ին Հայաստանը յայտնուեցաւ առաջին խմբում, որը համարւում է ամենալաւ խումբը: Երեք տարի շարունակ Հայաստանը պահպանում է իր Theory Ranking-ը:«Մարդու շահագործման զոհ» արտայայտութիւնը Յովհաննիսեան բացատրեց հետեւեալ ձեւով-. «Թրաֆիքինկի զոհ է համարւում այն անձը, որը խաբէութեան միջոցներ գործադրելով, մարդը պահում է որպէս ստրուկ,«թրաֆիքինկ»ը կոչւում է ժամանակակից ստրկութիւն, իրականացնել այնպիսի գործողութիւններ որը մարդու կամքին հակառակն է, եւ դրանով իրեն շահագործողը եկամուտ է ստանում » եզրակացուց «Թրաֆիքինկ»ի հարցերով մասնագէտ Մարիձա Յովհաննիսեանը: